«Հայ Ազգային Գոնկրէսը» պատրաստ է սկսելու համախմբման գործընթաց «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան եւ այլ ժողովրդավարական ու բանական ուժերու հետ։ Այս մասին յայտնած է ՀԱգ վարչապետի թեկնածու Լեւոն Զուրաբեանը՝ Մարտ 14-ին ՀԱԳ 5-րդ համագումարին ներկայացնելով երկրի զարգացման առաջնահերթութիւնները։
«Ուստի յայտարարում ենք, որ պատրաստ ենք այդ նպատակով սկսել նաեւ համախմբման գործընթաց՝ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան եւ այլ ուժերի հետ միասին»,- նշած է Լեւոն Զուրաբեան։
Արտաքին քաղաքականութեան ծիրին մէջ Զուրաբեան կարեւորած է հաւասարակշռուած եւ բազմաթիւ ուղղութեամբ մօտեցումը՝ նշելով, որ Հայաստանը պէտք չէ կողմնորոշուի համաշխարհային աշխարհաքաղաքական հակամարտութեան ճամբարներէն որեւէ մէկուն օգտին։ Ըստ անոր՝ երկիրը պէտք է դիրքաւորուի որպէս համագործակցութեան կամուրջ՝ զարգացնելով վստահելի յարաբերութիւններ Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի, ԵՄ-ի, Իրանի, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի հետ միաժամանակ։
«Արեւմուտք–արեւելք համաշխարհային աշխարհաքաղաքական հակամարտութեան մէջ Հայաստանը պէտք չէ որեւէ կողմ բռնի, այլապէս մեր երկիրը կը վերածուի գերտէրութիւնների միջեւ պայքարի կռուախնձորի եւ կ’ենթարկուի հակառակորդ կողմի կործանարար պատժամիջոցների»,- ըսած է ան։
Տնտեսական զարգացման հիմքին Լեւոն Զուրաբեան դրած է արմատական արհեստագիտական արդիականացման ծրագիրը, որ կոչած է «Հայաստանի արհեստագիտական յեղափոխութիւն»։ Ան պնդած է, որ պետութիւնը պէտք է հսկայական ֆինանսական ներդրումներ կատարէ բարձր արհեստագիտութիւններու խորշային հատուածներուն մէջ՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով արհեստական բանականութեան, կենսաբանական արհեստագիտութիւններուն եւ ֆինանսական արհեստագիտութեան։
«Պետականօրէն խրախուսուող արհեստագիտական առաջընթացը պէտք է դառնայ երկրի տնտեսական զարգացման, պաշտպանունակությեան եւ բանակի ամրապնդման, գիտութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, ճարտարապետութեան եւ մշակոյթի տեղաշարժը»,- ըսած է ան։
Ներքին քաղաքականութեան եւ պետական կառավարման ոլորտին մէջ վարչապետի թեկնածուն կ’առաջարկէ վերադառնալ 1990-ի կիսանախագահական ձեւաչափին եւ ապահովել արդարադատութեան լիակատար անկախութիւն գործադիր իշխանութենէն։ Զուրաբեան խոստացած է դադրեցնել բոլոր քաղաքական հալածանքները, այդ շարքին՝ հոգեւորականներու նկատմամբ, եւ ազատ արձակել քաղաքական բանտարկեալները։
«Պէտք է վերջ դնել օրուայ իշխանութեան շահերին ծառայող եւ քաղաքական խաղի կանոնները իշխանութեան իրավիճակային շահերին յարմարեցնելու կործանարար փորձերի կիրառումը»,- յայտնած է Զուրաբեան։

