Աշխարհահռչակ երգչուհի Ճենիֆըր Լոփեսի երեւանյեան համերգի տոմսերուն վաճառքը պիտի սկսի Ապրիլ 29-էն՝ Հայաստանի ժամանակով ժամը 12։00-ին։
Այս մասին Ճենիֆըր Լոփես գրած է Ֆէյսպուքի իր էջով։
Տոմսերուն արժէքը կը սկսի 25 հազար դրամէն: Կան նաեւ տոմսեր 35 հազար, 50, 55, 60 եւ 180 հազար դրամ արժողութեան։
Յիշեցնենք՝ միջազգային հռչակ վայելող երգչուհի Ճենիֆըր Լոփես համաշխարհային շրջագայութեան շրջանակներուն մէջ համերգով հանդէս պիտի գայ նաեւ Հայաստանի մէջ։
Երգչուհին հրապարակած է ամառնային ամիսներուն կայանալիք համերգային շրջագայութեան մասին տեղեկատուութիւն, որմէ պարզ կը դառնայ, որ վերջին կանգառը Երեւանն է:
Լոփեսը «Up all night» խորագրով համաշխարհային շրջագայութեան շրջանակներուն մէջ ելոյթ պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, Օգոստոս 3-ին, Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին վրայ։ Համերգի սկիզբը՝ ժամը 20։00-ին։