Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը՝ նախագահ Կարի Ֆիլլիփսի եւ գործադիր տնօրէն Սերժ Պուչաքճեանի գլխաւորութեամբ:
Վարչապետը ողջունած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող մարդասիրական բնոյթի ծրագրերը եւ յայտնած է կառավարութեան աջակցութիւնը անոնց արդիւնաւէտ կեանքի կոչման գործին մէջ:
Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուած են ընկերային, առողջապահական, կրթական, գիւղատնտեսական բնոյթի ծրագրերը, որոնք ընթացքի մէջ են եւ յառաջիկային նախատեսուող միւս նախագիծերը:
Կարի Ֆիլլիփս եւ Սերժ Պուչաքճեան շնորհակալութիւն յայտնած են կառավարութեան՝ համագործակցութեան եւ ծրագրերու յառաջմղման ուղղութեամբ աջակցութեան համար: