Home Uncategorized Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Ընկերակցութիւնը Ապրիլ 24-ի Յայտարարութեամբ Կը Պահանջէ Վերջ Տալ Ժխտողականութեան

Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Ընկերակցութիւնը Ապրիլ 24-ի Յայտարարութեամբ Կը Պահանջէ Վերջ Տալ Ժխտողականութեան

by MassisPost

Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Ընկերակցութիւնը ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ յանձնաժողովը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս յայտարարութիւն տարածած է Ապրիլ 24-ի առիթով։

Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ անպատիժ մնացած յանցագործութիւնը կը դառնայ շարունակական, ժխտողականութիւնը ցեղասպանութիւնը կը դարձնէ անվերջանալի, դահիճը կ’արդարացուի, իսկ զոհը կը դառնայ մեղադրեալ։

Կը նշուի, որ կազմակերպութիւնը 2005 թուականէն ի վեր ամէն տարի՝ Ապրիլ 24-ին, կը պահանջէ վերջ տալ ժխտողականութեան, ընդունիլ մեղքը բոլոր իրաւական հետեւանքներով։

Ընկերակցութիւնը նաեւ դատապարտած է Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչներ Էնվերի, Թալեաթի եւ Ճեմալի հերոսացումը, որ, ըստ կազմակերպութեան, կը հրահրէ եւ կը բորբոքէ ցեղապաշտութիւնը: Ընկերակցութիւնը նաեւ վստահութիւն յայտնած է, որ քանի դեռ Թուրքիան կը ժխտէ Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ցեղասպանութիւնը, երկրին մէջ անընդհատ արիւնահեղութիւններ տեղի կ’ունենան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment