Սահմանադրական դատարանի նախագահը կը յայտնէ՝ Հայաստանի Մայր օրէնքը տարածքային պահանջ չի պարունակեր ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլ նաեւ որեւէ այլ երկրի նկատմամբ: Արման Դիլանեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցին տարածքային պահանջներու վերաբերեալ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու մեղադրանքները որակեց սին՝ յատուկ ընդգծելով, թէ այն մինչեւ հանրաքուէի դնելը փորձաքննութիւններու ենթարկուած է, այդ շարքին միջազգային կառոյցներու մէջ:
«Մեր Սահմանադրութիւնը, որը տարբեր միջազգային փորձաքննութիւնների մէջով է անցել, մինչեւ հանրաքուէի կը դրուէր եւ կ’ընդունուէր հանրաքուէի միջոցով, կամ առհասարակ որպէս փաստաթուղթ կը ձեւաւորուէր, ինքը տարբեր միջազգային իրաւական փորձաքննութիւնների է ենթարկուել, այդ թւում նաեւ՝ Վենետիկի յանձնաժողովի կողմից: Եւ ես վստահ եմ, որ Վենետիկի յանձնաժողովը եթէ նկատէր, այդ թւում նաեւ՝ Վենետիկի յանձնաժողովը, միւս այլ փորձագէտների մասին չխօսեմ, իսկ տարբեր փորձագէտներ եւս աշխատել են մեր Սահմանադրութեան բնագրի վրայ ժամանակին, ես չեմ կարծում՝ նրանք նկատէին այդպիսի պահանջ՝ որեւէ երկրի տարածքային ամբողջական[ությեան դէմ], դա չբարձրաձայնէին»,- ըսաւ Դիլանեան:
Սահմանադրական դատարանի նախագահը շեշտեց՝ միջազգային իրաւունքը կը պարտադրէ պետութիւններուն յարգել միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անխախտելիութիւնը.- «Չի կարող պետութիւնը վերցնել եւ որոշել, որ ինքն ունենալու է այնպիսի իրաւական փաստաթուղթ, որում ուղիղ ոտնձգութիւն է իրականացնելու, իսկ դա հաւասար է ուղիղ ոտնձգութեան, նոյնիսկ եթէ այդպիսի պահանջ դու ձեւակերպում ես, այլ պետութեան տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ, դա միջազգային իրաւակարգին հակասող կարգաւորում կը լինի: Եւ ես համոզուած եմ, որ մեր Սահմանադրութիւնն էլ չունի այդպիսին»:
Պաքուն խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելէ առաջ կը պահանջէ, որ փոխուի Հայաստանի Սահմանադրութիւնը եւ նախաբանէն հեռացուի յղումը Անկախութեան հռչակագրին, ուր Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միաւորման մասին յիշատակում կայ:
Ամիսներ առաջ, երբ Սահմանադրական դատարանը կ’որոշէր սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգի սահմանադրականութեան հարցը, վճռած էր՝ Անկախութեան հռչակագրի միայն այն դրոյթները ունին Սահմանադրութեան կանոնի ուժ, որոնք տեղափոխուած են հռչակագրէն Սահմանադրութիւն: Այսօր Բարձր դատարանի նախագահը ընդգծեց՝ Սահմանադրութեան նախաբանը հռչակագրի մաս չէ.- «Նախաբանում կատարած յղումը ինքն ամբողջ ծաւալով հռչակագրին կատարած յղում չէ, նախաբանից դէպի հռչակագիր գնացող յղումը ինքը այնպիսի յղում չէր, որ մենք ասեինք՝ հռչակագիրը ամբողջութեամբ տեղափոխուեց եւ դարձաւ Սահմանադրութեան մաս»:
Մինչդեռ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը նախօրէին դարձեալ պնդած էր, թէ «Հայաստանի Սահմանադրութիւնը կը թիրախաւորէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը», եւ իրենք երկու տարի է՝ խաղաղութեան բանակցութիւններուն զուգահեռ այդ մասին խօսած են, հայկական կողմին ներկայացուցած են փաստեր: Ճէյհուն Պայրամով այս անգամ նաեւ ըսած է, թէ այդ պահանջը բացի իրաւականէն ունի նաեւ հոգեբանական հիմնաւորում:
«Մենք կը կարծենք, որ հանրաքուէով Սահմանադրութիւնը փոխելը նշան է, ինչ-որ առումով՝ կը հաստատէ, որ հարեւաններու հանդէպ տեւական ժամանակ շարունակուած յարձակողական քաղաքականութենէն յետոյ հայաստանեան հասարակութիւնը իրականութեան մէջ կը հասկնայ, որ այդ սխալ քաղաքականութիւն էր»,- յայտնած է Պայրամով:
Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութեան մէջ այժմ նոր Սահմանադրութիւն կը գրեն, թէ ինչ հիմնական փոփոխութիւններ կը նախատեսուին, դեռ յայտնի չէ, բայց վարչապետը արդէն ըսած է՝ իր կարծիքով՝ նոր Սահմանադրութեան մէջ Անկախութեան հռչակագրի յղումը պէտք չէ ըլլայ: