44-օրեայ պատերազմին հանգամանքները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովին զեկոյցը պիտի ներկայացուի Սեպտեմբեր 27-ին հետեւող Ազգային Ժողովի լիագումար նիստի առաջին կամ երկրորդ օրը:
ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին յայտնած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր, Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան։
«Քանի որ Սեպտեմբերի 27-ը շաբաթ օր է, իսկ ամսի 30-ին կը սկսուի ԱԺ լիագումար նիստը, ԱԺ նախագահը կը ներառի հարցը խորհրդի նիստում, ու օրը վերջնական կ’որոշուի»,- նշած է, նաեւ յաւելած, որ շատ կարեւոր է, որ այդ օրերուն ներկայացուի զեկոյցը։
Անոր խօսքով՝ գաղտնիութեան ծաւալը այնքան մեծ է, որ նիստը կրնայ դռնփակ ըլլալ, բայց զեկոյցը հասանելի պիտի ըլլայ պատկան մարմիններուն, պետական հիմնարկներուն, որ եզրայանգումներ ընեն։
«Շշմեցնող բաներ ման մի եկէք, ման եկէք հետեւանքների վերացման խնդիրների բացայայտում: Կարծում եմ՝ սա այն փաստաթուղթն է, որը շատ սպասուած է, մեծ ծաւալի աշխատանք է կատարուել, այդ աշխատանքը պէտք է անհետեւանք չմնայ։ Կարծում եմ՝ զեկոյցը կը լինի գաղտնի բաժնում»,- յաւելած է Քոչարեան։