ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէն հրապարակած է 2025 թուականի Մարտ ամսուն դէպի Հայաստան զբօսաշրջային այցելութիւններուն վերաբերեալ վիճակագրական տուեալներ:
2025 թուականի Մարտին Հայաստան այցելած է 129.887 զբօսաշրջիկ. նախորդ տարի նոյն ժամանակահատուածին Հայաստան այցելած էր 152.865 մարդ։
Դիտարկուող ժամանակահատուածին մէջ դէպի Հայաստան աւելի շատ զբօսաշրջային այցելութիւններ գրանցուած են Ռուսաստանէն (37%), Վրաստանէն (15%) եւ Իրանէն (9%):