Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պուտափեշտ Կը Շարունակէ Արգելափակել ԵՄ Խաղաղութեան Հիմնադրամէն Հայաստանին Գումար Յատկացնելու Առաջարկը

Պուտափեշտ Կը Շարունակէ Արգելափակել ԵՄ Խաղաղութեան Հիմնադրամէն Հայաստանին Գումար Յատկացնելու Առաջարկը

by MassisPost

Եւրոմիութեան երկիրներու արտաքին գործերու նախարարները Լիւքսեմպուրկի մէջ կայացած հանդիպումէն յետոյ անդրադարձած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն, փոխանցած են «Ազատութեան» դիւանագիտական աղբիւրները։

Քննարկման հիմնական թեմաներէն մէկը եղած է Եւրոմիութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին 10 միլիոն եւրօ յատկացնելու առաջարկը, որ ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Գայա Գալլաս ներկայացուցած էր ԵՄ խորհուրդին անցեալ ամիս։ Ատրպէյճանի նախագահին հետ սերտ յարաբերութիւններով յայտնի Հունգարիան, սակայն, օգտուելով վեթոյի իր իրաւունքէն, արդէն վեցերորդ շաբաթն է կ’արգելափակէ որոշումը, յայտնած են «Ազատութեան» աղբիւրները։

Պուտափեշտը նոյն կերպ վարուած էր նաեւ անցեալ տարի, երբ Եւրոմիութիւնը առաջին անգամ սկսաւ քննարկել Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին 10 միլիոն եւրօ տրամադրելու հարցը։ Այն ժամանակ Պուտափեշտը պահանջած էր, որ ծրագրին մէջ նաեւ Ատրպէյճանը ներառուի։ Շաբաթներ շարունակուած դռնփակ բանակցութիւններէն յետոյ, սակայն, եւրոպացի դիւանագէտները յաջողած էին յաղթահարել Պուտափեշտի դիմակայութիւնը:

«Այսօրուայ բանակցութիւններէն յետոյ դեռ որեւէ յառաջընթաց չէ արձանագրուած»,- հաղորդած են «Ազատութեան» աղբիւրները։սէն՝ 1 միլիոն 662 հազար տոլարին համարժէք 650 միլիոն դրամը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment