Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Պէտք Է Ստորագրուի, Կամայականօրէն Բանտարկուածները Պէտք Է Ազատ Արձակուին. Ֆրանսայի ԱԳ Նախարար

Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Պէտք Է Ստորագրուի, Կամայականօրէն Բանտարկուածները Պէտք Է Ազատ Արձակուին. Ֆրանսայի ԱԳ Նախարար

by MassisPost

Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու նախարար Ժան-Նոէլ Պարօն յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան շուրջ համաձայնեցուած բնագիրը պէտք է ստորագրուի, իսկ Պաքուի մրջ կամայականօրէն ձերբակալուած հայ բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին։

Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարը այս մասին յայտնսծ է Լիւքսեմպուրկի մէջ Եւրոպական միութեան արտաքին գործերու նախարարների հանդիպման ընթացքին ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ։

Ժան-Նոէլ Պարօ իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային լարուածութեան՝ յոյս յայտնելով, որ այդ լարուածութեան զսպման գործին մէջ իր ներդրումը կրնայ ունենալ Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը։

«Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանին, ես չափազանց անհանգստացած եմ սահմանին աճող լարուածութեամբ: Յոյսով եմ, որ տեղակայուած եւրոպական առաքելութիւնը կրնայ ամրապնդուիլ իրավիճակը արդիւնաւէտ վերահսկելու եւ այդ լարուածութիւնը զսպելու համար: Խաղաղութեան պայմանագիրը վերջապէս պէտք է ստորագրուի, եւ կամայականօրէն ձերբակալուածներն ու բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին»,- ընդգծած է Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment