Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուրուկուայի Խորհրդարանը Միաձայն Ընդունած Է Յայտարարութիւն՝ Ատրպէյճանին Կոչ Ընելով Անյապաղ Ազատելու Հայ Գերիները

Ուրուկուայի Խորհրդարանը Միաձայն Ընդունած Է Յայտարարութիւն՝ Ատրպէյճանին Կոչ Ընելով Անյապաղ Ազատելու Հայ Գերիները

by MassisPost

Հայազգի պատգամաւոր Խոսէ Լուիս Սաճեանի նախաձեռնութեամբ Ուրուկուայի Ներկայացուցիչներու պալատի նիստի ընթացքին պատգամաւորները անդրադարձած են Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին:

Այս մասին տեղեկացուցած են Ուրուկուայի ՀՀ դեսպանութենէն:

Պատգամաւոր Սաճեանի նախաձեռնութեան աջակցած ու ելոյթներով հանդէս եկած են խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները՝ հպարտութեամբ նշելով, որ Ուրուկուայը Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած առաջին երկիրն է:

Պատգամաւորներ Խոսէ Լուիս Սաճեանը, Անա Օլիվերան եւ Փետրօ Խիստոնեան անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ցեղային զտման, Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու խնդիրին՝ յիշեցնելով, որ Ուրուկուայի խորհրդարանը միաձայն ընդունած է յայտարարութիւն՝ Ատրպէյճանին կոչ ընելով անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները:

Ուրուկուայցի խորհրդարանականները իրենց առանձնայատուկ յարգանքն ու համերաշխութիւնը յայտնած են հայ ժողովուրդին, ուրուկուայահայ համայնքին, ողջունած է նիստին ներկայ ՀՀ դեսպան Մարիամ Գէորգեանը եւ բարձր գնահատած է դեսպանութեան գործունէութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment