Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Թուրքիա Կը Շարունակէ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը». Էրտողան՝ Ալիեւին

«Թուրքիա Կը Շարունակէ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը». Էրտողան՝ Ալիեւին

by MassisPost

Թուրքիա կանոնաւորապէս կը շարունակէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու  կարգաւորման գործընթացը,  յայտնած է էրտողան Աթալիոյ մէջ դիւանագիտական ​​համագումարի  շրջանակներուն մէջ  իր  ատրպէյճանցի  գործընկեր  Ալիեւի  հետ  հանդիպման ժամանակ։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ  «Anadolu»  գործակալութիւնը,  Թուրքիոյ  նախագահը  գոհունակութիւն յայտնած է  Երեւանի  եւ  Պաքուի  միջեւ  խաղաղութեան  գործընթացի  առնչութեամբ։ Ան նշած է,  որ  Թուրքիան  կը փափաքի  Ատրպէյճանը  տեսնել որպէս «խաղաղութեան ճարտարապետ հարաւային Կովկասի մէջ», յաւելելով  որ  Թուրքիա «կանոնաւորապէս կը  շարունակէ  Հայաստանի  հետ  յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը»։

Կողմերը քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու վիճակը, տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment