Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Հետ Զօրավարժութիւններով Թեհրան Ցոյց Կու տայ, Որ Անկայունութեան Պարագային Պիտի Արձագանգէ. Իրանագէտ

Հայաստանի Հետ Զօրավարժութիւններով Թեհրան Ցոյց Կու տայ, Որ Անկայունութեան Պարագային Պիտի Արձագանգէ. Իրանագէտ

by MassisPost

Երեւանն ու Թեհրանը երկօրեայ համատեղ զօրավարժութիւններ կատարած են. Հայաստանի զինուժը հայ-իրանեան սահմանին հայկական, իսկ Իրանը՝ սեփական հատուածին` Նորտուզի շրջանին մէջ: Հայաստանի ռազմական կառոյցը չէ յստակացուցած, թէ սահմանի հայկական կողմի ճիշդ որ հատուածին մէջ են զօրավարժութիւնները, ու թէ քանի զինուորական մասնակցած է: Տարածուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի միայն յատուկ նշանակութեան ուժերու ներգրաւուածութեան մասին:

«Զօրավարժութիւնը ենթադրում է Հայաստան-Իրան պետական սահմանին տեղակայուած սահմանային անցակէտերի վրայ պայմանական ահաբեկչական խմբերի յարձակումը չէզոքացնելու գործողութիւններ»,- հաղորդած էին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Ռազմական գերատեսչութենէն վարժանքներու վերաբերեալ տեսանիւթեր դեռ չեն հրապարակած։ Մինչդեռ իրանեան կողմը կարճ տեսանիւթեր տարածած է, որոնք, սակայն, բուն վարժանքներէն չեն։ Թեհրանէն կը շեշտեն, որ Հայաստանի եւ Իրանի համատեղ զօրավարժութիւնները խաղաղ բնոյթ կը կրեն։ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրաբաժնի ցամաքային զօրքերու փոխհրամանատար Վալիոլլահ Մանի յայտնած է, որ անոնք սահմանային անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակ ունին. «Իրանի եւ Հայաստանի սահմանային տարածքներուն մէջ որեւէ վտանգ չկայ, ատիկա կը կատարուի մարտական ուժերու պատրաստուածութիւնը բարձրացնելու, ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ կայուն խաղաղութիւն պահպանելու համար»։

Իրանցի բարձրաստիճան զինուորականը միեւնոյն ժամանակ շեշտած է, որ երկու երկիրներու սահմանային տարածքները ռազմավարական նշանակութիւն ունին՝ «հաշուի առնելով այն զգայուն դիրքը, որ տարածաշրջանը կը զբաղեցնէ»։

Այսպէս կոչուած՝ «Զանգեզուրի միջանցքը» ուժով բանալու Պաքուի պարբերական սպառնալիքներու լոյսին տակ՝ Թեհրան բազմիցս յայտարարած է, որ Իրան կ’աջակցի տարածաշրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ դէմ է որեւէ միջազգային սահմանի փոփոխութեան։

Երկու շաբաթ առաջ Երեւան ժամանած Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղչին վերստին յայտնեց Թեհրանի դիրքորոշումը՝ շեշտելով, որ Իրանը տարածաշրջանին մէջ մագլցումի վտանգ կը տեսնէ:

Իրանագէտ Ալէն Շադունց կը կարծէ, որ համատեղ զօրավարժութիւնները Թեհրանի յայտարարութիւններու գործնական շարունակութիւնն են, կը շեշտէ, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը զօրավարժութիւնները սովորաբար կ’օգտագործէ հակառակորդները զսպելու համար. «Սրանով իրանեան կողմը կը փորձէ ցոյց տալ, որ եթէ անկայունութիւն ըլլայ սահմանային հատուածին մէջ, իրենք անպայման ինչ-որ ձեւով պիտի արձագանգեն: Զօրավարժութիւնները, բնականաբար, չեն յստակացներ, թէ այդ արձագանգին բնոյթը ինչպիսին պիտի ըլլայ»:

Իրանագէտը աննադադէպ կը համարէ Երեւանի ու Թեհրանի համատեղ զօրավարժութիւնները։ Թէ որ կողմն է զանոնք նախաձեռնողը, պաշտօնապէս չի յստակացուիր։ Շադունց, սակայն, կը նկատէ, որ վերջին տարիներուն Թեհրանը երկկողմ զօրավարժութիւններ կայացնելու պատրաստակամութեան մասին յայտնած է։

Վերջին շաբաթներուն Պաքուն հայկական կողմը կը մեղադրէ իր դիրքերը թիրախաւորելու համար, Սիւնիքի գիւղերէն ալ կը հաղորդեն կրակոցներու մասին, նոյն ընթացքին Ատրպէյճանէն նոր ռազմական առճակատման վտանգի պահպանման մասին ամենաբարձր՝ նախագահի մակարդակով կը յայտարարեն։ Իլհամ Ալիեւ պնդած էր՝ այդ վտանգը կայ, քանի դեռ ստորագրուած չէ խաղաղութեան համաձայնագիրը, ու Հայաստանը ամբողջութեամբ չէ հրաժարած Ատրպէյճանի նկատմամբ բոլոր տարածքային պահանջներէն։

«Նմանատիպ զօրավարժութիւն ընելով որոշակիօրէն կը նշմարուի, որ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրաբաժնի այդ ցամաքային ստորաբաժանումը կրնայ ընդգրկուած ըլլալ, որպէսզի թոյլ չտայ, որ ատրպէյճանական կողմը եթէ յարձակում իրականացնէ, առնուազն արդիւնաւէտ վերահսկողութիւն կարենայ ապահովել այդ հատուածին նկատմամբ»,- նկատեց իրանագէտը:

Պաքուն ալ իր հերթին երկու օր առաջ յայտնեց օդային մասնակցութեամբ իրականացուած զօրավարժութիւններու մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment