Գլխաւոր դատախազութեան՝ պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան հերթական հայցը Հակափտածութեան դատարանի 2025 թուականի Ապրիլ 4-ի վճիռով բաւարարուած է. դատական արձանագրութիւնը օրինական ուժի մէջ մտնելէ յետոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան պիտի վերադարձուի Երեւան քաղաքի Գ. Յովսէփեան փողոցի՝ հեռուստաաշտարակին հարող տարածքի՝ շուրջ 1 միլիոն 650 հազար ԱՄՆ տոլարին համարժէք 645 միլիոն 950 հազար դրամ կադաստրային արժէքին մօտարկուած շուկայական արժէքով, «անտառային նպատակային նշանակութեան» 16 հազար 870 քմ (1,6 հա) մակերեսով հողամասը:
Գլխաւոր դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութիւնը հայցադիմումով դատարանէն պահանջած էր անվաւեր ճանչնալ Երեւանի քաղաքապետի եւ Լ.Դ.-ի միջեւ 2005 թուականի Յունիս 7-ին կնքուած առուվաճառքի պայմանագիրը, կիրառած էր անվաւերութեան հետեւանքներ եւ անվաւեր ճանչցած նաեւ հողամասի առուվաճառքի պայմանագրի հիման վրայ գոյքի նկատմամբ իրաւունքի պետական գրանցումը: