Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած է Գլխաւոր Շտաբի Նախկին Պետ Մովսէս Յակոբեանին

Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած է Գլխաւոր Շտաբի Նախկին Պետ Մովսէս Յակոբեանին

by MassisPost

Ռուսաստանէն աւելի քան 4 միլիառ դրամի ոչ-պիտանի ռազմամթերքի մատակարարման քրէական գործով մեղադրանք առաջադրուած է զօրավար-գնդապետ Մովսէս Յակոբեանին։

Գլխաւոր Դատախազութենէն կը յայտնեն, որ Գլխաւոր շտաբի պետի ու պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօնը զբաղեցուած Յակոբեան կը մեղադրուի պաշտօնի անփութութեան համար, որ յառաջացուցած է մեծ չափերու գոյքային վնաս կամ այլ ծանր հետեւանք։

Յակոբեանը մերժեց մեկնաբանութիւն տալ «Ազատութեան»։ Փոխարէնը անոր փաստաբան Մուշեղ Ալեքսանեանը փոխանցեց, որ զօրավար-գնդապետը չ’ընդունիր մեղադրանքը։ Դատախազութենէն կը տեղեկացնեն, որ այս գործը կապ չունի ոչ-պիտանի հրթիռներու քրէական գործին հետ, որով մեղադրեալներու շարքին դարձեալ նախկին բարձրաստիճան զինուորականներ են, այդ շարքին՝ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը ու Գլխաւոր շտաբի նախկին պետ Արտակ Դաւթեանը:

«Պարոն Յակոբեանը մեղադրանքը չի ընդունում այն պարզ պատճառով, որ իրեն մեղսագրուող արարքն իր հետ ընդհանրապէս կապ չունի, իրեն մեղսագրւում է այնպիսի գործողութիւն, այնպիսի մեղադրանք գործողութեան չկատարում, որի իրաւասութիւնն ինքը չի էլ ունեցել, իսկ այդ գործողութիւնը կատարուած է եղել աւելի վերադաս մարմնի կողմից»,- ըսաւ փաստաբանը:

Մինչդեռ մեղադրող դատախազ Կարէն Կարապետեանը հակառակը կը պնդէ՝ շեշտելով, որ զէնքի մատակարարման պայմանագիրը ռուսական ընկերութեան հետ 2016-ին կնքած է պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօնը զբաղեցուցած Յակոբեանը։ Դատախազը Հանրայինի հետ զրոյցին յայտնած է, թէ պայմանագրով ձեռք բերուած են հետախուզութեան եւ կրակի կառավարման շարժական ռատիօտեղորոշիչ համակարգեր։ Անոնք, ըստ դատախազութեան, առանց գործնական փորձարկման 2017-ին մատակարարուած են Հայաստանի ու Արցախի Զինուժի ստորաբաժանումներուն։

«Սակայն դրանց առաջին իսկ կիրառութեան դէպքերում դրանք գործնական պայմաններում չեն կարողացել կատարել իրենց առջեւ դրուած խնդիրները, չեն համապատասխանել իրենց մարտավարատեխնիկական բնութագրերին»,- ըսած է դատախազը:

Ընդ որում՝ դատախազութեան ներկայացմամբ՝ 2018-ին Ռուսաստանէն մասնագէտներ եկած են համակարգերը նորոգելու համար։ Այս դրուագով ալ զինուորական պաշտօնի անփութութեան յօդուածով մեղադրանք առաջադրուած է բանակի հրթիռային զօրքերու եւ հրետանիի վարչութեան նախկին պետ Արմէն Յարութիւնեանին։ Ան եւս չ’ընդունիր մեղադրանքը։

«Չի ստուգել՝ վերանորոգուել են, թէ ոչ վերջնական, եւ դրանք պիտանի են արդեօք կիրառելու համար, եւ ռուս մասնագէտները գնացել են Հայաստանի Հանրապետութիւնից»,- նշած է դատախազը:

Դատախազութիւնը երկու զօրավարներէն յօգուտ պետութեան կը պահանջէ բռնագանձել 4,3 միլիառ դրամը: Մովսէս Յակոբեանի փաստաբանը «Ազատութեան» ըսաւ՝ թէեւ իր պաշտպանեալին մեղասագրուող արարքի վաղեմութեան ժամկէտը լրացած է, սակայն ան կը պատրաստուի դատարանին մէջ ապացուցելու անմեղութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment