Պետութիւնը քայլեր կ’իրականացէ Սփիւռքի գիտնականներու ներուժը Հայաստանի մէջ օգտագործելու համար: Այս ուղղութեամբ իրականացուած ծրագրով 15 գիտնական վերադարձած է Հայաստան, 51 գիտնական Հայաստանի հետազօտական խումբերու հետ կ’աշխատի հեռավար:
Ազգային Ժողովի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու յանձնաժողովի նիստին կառավարութեան ծրագրի՝ 2024թ կատարման ընթացքի եւ արդիւնքներու մասին զեկոյցի ներկայացման այս մասին ըսաւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան:
Յանձնաժողովի նախագահ Սիսակ Գաբրիէլեան նկատեց, որ կառավարութեան ծրագրով նախատեսուած է մրցութային շարք մը նոր ծրագրերու իրականացում` Սփիւռքի ներուժի աւելի արդիւնաւէտ ներգրաւման նպատակով` վերաբնակեցման կամ հեռավար ղեկավարուող աշխատանոցներու հիմնադրման նպատակով` նախատեսելով մինչեւ 2026 թուական ունենալ Հայաստանի Հանրապետութիւն վերադարձած շուրջ 60 գիտնական եւ շուրջ 60 հեռավար ղեկավարուող գիտական խումբեր: Ան հետաքրքրուեցաւ արդիւնքներով:
«Սա մեր կարեւոր ծրագրերից մէկն է, որը մեկնարկեցինք այն տրամաբանութեամբ, որ Սփիւռքի մեր գիտնականներն ամբողջութեամբ տեղափոխուեն ՀՀ եւ այստեղ գործունէութիւն ծաւալեն: Այս պահին ունենք 15 գիտնականներ, որոնք այս ծրագրով շահառու են եւ վերադարձել են»,-ըսաւ Ժաննա Անդրէասեան:
Անդրադառնալով հեռավար աշխատելուն՝ նախարարը ըսաւ, որ կրնան արտերկրէ միանալ տեղական հետազօտական խումբին հետ աշխատանքին եւ ժամանակ առ ժամանակ այցելել Հայաստան: Այս պարագային ծրագրի 51 շահառու կայ՝ նախատեսուած 45-ի փոխարէն:
Նախարարը շեշտեց՝ շատ կարեւոր է ոչ միայն թիւը, այլ նաեւ որակը: «Եղել է, որ դիմումներ ունեցել ենք, բայց դրանք չենք երաշխաւորել՝ հաշուի առնելով, թէ ինչ հետազօտութիւն է առաջարկուել եւ ինչ որակական ձեւաչափի է դա համապատասխանել»,- նշեց Անդրէասեան: