Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոր Սահմանադրութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Խաղաղութիւնը Չվտանգող. Սրբուհի Գալեան

Նոր Սահմանադրութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Խաղաղութիւնը Չվտանգող. Սրբուհի Գալեան

by MassisPost

Նոր Սահմանադրութեան բնագրի մշակման գործընթացը ընթացքի մէջ է, սակայն այս պահուն անոր բովանդակութեան վերաբերեալ հրապարակային քննարկում չ’իրականացուիր։ Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ ՀՀ արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեանը։

«Ասելու եմ նոյն բանը։ Այս պահին աշխատում ենք Սահմանադրութեան բնագրի վրայ։ Դեռ չեղած բնագրի վերաբերեալ մեկնաբանութիւն անել չեմ կարող։ Կը ներկայացնենք, երբ պատրաստ լինենք ներկայացնելու։ Սահմանադրութիւնն ընդունելու կամ չի ընդունելու ժողովուրդը»,- ըսաւ նախարարը։

Լրագրողները հարց ուղղեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն ձեւակերպման վերաբերեալ, թէ տարածաշրջանային նշանակութեան Սահմանադրութիւն անհրաժեշտ է: Սրբուհի Գալեան պատասխանեց․«Խաղաղութեանը, խաղաղութեան պայմանագրին եւ խաղաղութեան գործընթացներին միտուած յարաբերութիւնները չվտանգող Սահմանադրութեան մասին է խօսքը»։

Տարածքային պահանջներուն վերաբերեալ լրագրողներու հարցումին՝ արդեօք նոր Սահմանադրութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղին առնչուող դրոյթներ պիտի ըլլան, նախարարը արձագանգեց․ «Մենք մեր սահմանների տէրն ենք, եւ այդ սահմաններն արտացոլուած են համապատասխան քարտէզներում»։

Նախարարը նաեւ նշեց, որ գործող Սահմանադրութիւնը չի խոչընդոտեր խաղաղութեան գործընթացին, սակայն կառավարութիւնը կ’առաջնորդուի այն տրամաբանութեամբ, որ քաղաքացիներն ու պետութիւնը պէտք է գործեն այնպէս, որ չվտանգեն խաղաղութեան հաստատումը։

«Միայն Սահմանադրութիւնը չէ խնդիրը։ Պէտք է վարքագիծը կառուցել այնպէս, որ չվտանգուի խաղաղութեան գործընթացը։ Մենք այն կառավարութիւնն ու երկիրն ենք, որը միտուած է խաղաղութեան վերջնական հաստատմանը»,- ընդգծեց նախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment