Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղութեան Ճանապարհին Բազմաթիւ Խոչընդոտներ Կան․ Պայրամով

Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղութեան Ճանապարհին Բազմաթիւ Խոչընդոտներ Կան․ Պայրամով

by MassisPost

Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով Ասթանայի մէջ Ղազախստանի իր պաշտօնակից Մուրատ Նուրթլիուի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտնած է, թէ Հայաստանը, իբր, տակաւին կը պահպանէ տարածքային նկրտումները Ատրպէյճանի նկատմամբ:

Այս ծեծուած կեղծ թեզէն յետոյ Պայրամով յայտնած է, թէ ատիկա խոչընդոտ է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ կայուն խաղաղութեան ճանապարհին:

«Արդէն բաւական մեծ ճանապարհ անցած է միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման գործընթացին մէջ։ Չնայած անոր, տեւական խաղաղութեան ճանապարհին բազմաթիւ խոչընդոտներ կան։

«Հիմնական խնդիրներն են Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ պահպանուող տարածքային պահանջները Ատրպէյճանի նկատմամբ, այդ երկրի սրընթաց ռազմականացումը, աճող վրէժխնդրական տրամադրութիւնները»,- յայտնած է Պայրամով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment