Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խաչատուրեան Եւ Ուրուկուէյի Նախագահը Նշած Են Երկու Երկիրներու Դեսպանութիւններու Բացման Կարեւորութիւնը

Խաչատուրեան Եւ Ուրուկուէյի Նախագահը Նշած Են Երկու Երկիրներու Դեսպանութիւններու Բացման Կարեւորութիւնը

by MassisPost

Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Մոնթեվիտէոյի մէջ հանդիպած է Ուրուկուէյի նախագահ Ժամանտու Օրսիի հետ:

Ողջունելով նորընտիր նախագահը՝ Հայաստանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է հրաւէրի համար, ինչին ի պատասխան Ուրուկուէյի նախագահը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Վահագն Խաչատուրեանին՝ երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելու համար եւ նշած, որ այցը նոր խթան պիտի հանդիսանայ երկու երկիրներու բարեկամութեան ամրապնդման համար:

Հանդիպման ընթացքին նախագահները շեշտած են, որ Հայաստանն ու Ուրուկուէյը միշտ ունեցած են բարեկամական յարաբերութիւններ, որոնք ունին ընդլայնուելու մեծ ներուժ տարբեր ուղղութիւններով:

Վահագն Խաչատուրեան առանձնայատուկ նշած է, որ երդմնակալութեան արարողութիւնը իր բնոյթով ժողովրդավարութեան եւ ժողովրդավարական հիմնարկներու կայացման լաւագոյն դրսեւորումներէն է:

Զրոյցի ընթացքին շեշտուած է դեսպանութիւններու բացման կարեւորութիւնը երկիրներու համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման գործին մէջ։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան խթանման՝ տնտեսական, բարձր արհեստագիտութիւններու եւ այլ բնագաւառներու մէջ:

Հանդիպման աւարտին Հայաստանի նախագահը հրաւիրած է Ժամանտու Օրսին հնարաւորութեան պարագային այցելելու Հայաստան պատեհ պահուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment