«Հրաշալի նորութիւն: Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը կ’ողջունէ «Լիդիան»-ի եւ Հայաստանի միջեւ համաձայնութիւնը Հայաստանի մէջ Ամուլսարի հանքավայրի լայնածաւալ նախագիծը վերսկսելու վերաբերեալ՝ տնտեսութեան մէջ միլիոնաւոր ԱՄՆ տոլարներու ներդրումով, որ աշխատատեղեր եւ բարգաւաճում պիտի ստեղծէ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի համար»,- յայտարարած է Հայաստանում ԱՄՆ դեսպանատունը:
«Հայաստանը բաց է Միացեալ Նահանգներու առեւտուրներուն համար, եւ ԱՄՆ դեսպանատունը հպարտ է աջակցելու, երբ մենք միասին կ’աշխատինք աւելի բարգաւաճ ապագայի ուղղութեամբ»,- ըսուած է դեսպանատան ֆէյսպուքեան էջով կատարուած գրառման մէջ:
Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց մինչեւ 150 միլիոն տոլարի պիւտճէական երաշխիք տրամադրեց Հայաստանի դրամատուներէն` Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրի շահագործման համար վարկեր ներգրաւելու նպատակով։