Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Տիրան Խաչատրեան 10 Միլիոն Դրամ Գրաւի Դիմաց Ազատ Արձակուեցաւ

Տիրան Խաչատրեան 10 Միլիոն Դրամ Գրաւի Դիմաց Ազատ Արձակուեցաւ

by MassisPost

Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի նախկին տեղակալ, զօրավար-լեյթենանթ Տիրան Խաչատրեան 10 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակուեցաւ: Դատարանը բաւարարեց պաշտպանական կողմին միջնորդութիւնը Խաչատրեանի խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ։

Թէեւ մեղադրող կողմը կ’առաջարկէր եւս երեք ամիսով երկարաձգել կալանքը, դատաւորը, այդուհանդերձ, Տիրան Խաչատրեանի կալանքը փոխարինեց գրաւով եւ չբացակայելու արգելքով։ Խաչատրեան ազատ արձակուեցաւ դատարանի դալիճէն՝ սահմանուած գումարը վճարելու պայմանով։ Գրաւը պէտք է վճարուի եռօրեայ ժամկէտի մէջ:

Խաչատրեան ձերբակալուած էր 44-օրեայ պատերազմին առնչուող գործով եւ Յունուար 5-ին երկու ամիսով կալանաւորուած էր: Ան կը մեղադրուի ռազմական դրութեան ընթացքին իր ծառայողական պարտականութիւններու կատարման նկատմամբ անփոյթ վերաբերմունքի համար, որ յառաջացուցած է ծանր հետեւանքներ։ Տիրան Խաչատրեանը մեղադրանքը չ’ընդունիր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment