Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փարիզի Քաղաքային Խորհուրդը Միաձայն Ընդունած Է «Ատրպէյճանի Մէջ Կալանաւորուած ԼՂ Նախկին Առաջնորդներու Տագնապալի Վիճակին Մասին» Կոչ

Փարիզի Քաղաքային Խորհուրդը Միաձայն Ընդունած Է «Ատրպէյճանի Մէջ Կալանաւորուած ԼՂ Նախկին Առաջնորդներու Տագնապալի Վիճակին Մասին» Կոչ

Պահանջած Է Ազատ Արձակել Զանոնք

by MassisPost

Փետրուար 13-ին Փարիզի Քաղաքային Խորհուրդը միաձայն ընդունած է «Ատրպէյճանի մէջ կալանաւորուած Լեռնային Ղարաբաղի նախկին առաջնորդներու տագնապալի վիճակին մասին» կոչ։

Իր կոչին մէջ, յղում ընելով Լեռնային Ղարաբաղի նախկին առաջնորդներու կալանքի հանգամանքներուն, Ատրպէյճանի մէջ անոնց պահման պայմաններուն եւ անոնց առաջադրուած շինծու մեղադրանքներուն, Փարիզի Քաղաքային Խորհուրդը կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին առաջնորդներու անօրինական կալանքը ու կեղծ դատավարութիւնները եւ կը պահանջէ ազատ արձակել զանոնք։

Կոչը Փարիզի Քաղաքային Խորհուրդին մէջ  քուէարկութեան   դրած է  փոխքաղաքապետ  Առնօ  Նկաթչը։ Փարիզի քաղաքապետին հրաւէրով նիստին ներկայ եղած է  նաեւ  Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment