ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան, Փետրուար 14-ին, հանդիպած է Պելճիքայի Թագաւորութեան պաշտպանութեան նախարար Թէօ Ֆրանքենի հետ։
Սուրէն Պապիկեան շնորհաւորած է գործընկերը՝ պաշտօնը ստանձնելու առնչութեամբ, մաղթած է յաջողութիւններ եւ յոյս յայտնած, որ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստան-Պելճիքա համագործակցութիւնը զարգանայ ու ընդլայնուի:
Պաշտպանութեան նախարարները քննարկած են Հայաստան-Պելճիքա համագործակցութեան առնչուող հարցեր։ Հանդիպման ընթացքին արձանագրուած է, որ համագործակցութիւնը ունի մեծ հեռանկար, եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է՝ շարունակելու աշխատանքները փոխգործակցությեան զարգացման ուղղութեամբ։