Վերջին շաբաթներուն, յատկապէս ատրպէյճանական օդանաւի կործանումէն ետք, որուն համար Պաքու կը մեղադրէ Մոսկուային, Ռուսաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները թեւակոխած են նոր հանգրուան ու հակա-ռուսական արշաւ մը սկսած է Ատրպէյճանի պաշտօնական ու լրատուական շրջանակներուն կողմէ:
Պաքուի մէջ գործող «Ռուսաստանի Տունը» փակուեցաւ եւ այդ կառոյցը մեղադրուեցաւ լրտեսական որջի վերածուելու մէջ, ուր իբրեւ թէ Ատրպէյճանի շահերուն ի վնաս գործունէութիւն կը ծաւալուի: Ազերի նախկին հինգ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ամբաստանուեցան, ի նպաստ Ռուսաստանի լրտեսական գործունէութիւն ծաւալելու մէջ:
Տակաւին անհասկնալի է թէ, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ինչ նպատակ կը հետապնդեն նման հրապարակային մեղադրանքներով Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները տանելով խզումի: Ոմանց կարծիքով Պաքու կը շարժի Թուրքիոյ թելադրանքներով, ուրիշներ ունին այն տպաւորութիւնը, որ Ալիեւ կը փորձէ Եւրոպայի հետ մերձեցման հաւատարմագիր ներկայացնել: Տակաւին կայ այն տեսակէտը թէ, Ռուսաստանի օգնութեամբ ղարաբաղեան հարցը իր ուզած ձեւով լուծելէ ետք, ան այլեւս պէտք չունի այդ երկրին:
Ռուս մեկնաբաններէն մէկը անդրադառնալով Իլհամ Ալիեւի վերջերս կատարած բացայայտ յարձակումներուն` Ռուսաստանի եւ անձամբ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վրայ, եկած էր այն եզրակացութեան, որ յետ խորհրդային ղեկավարներէն շատերու մօտ դադրած է վախի զգացումը: «Ատրպէյճան կը խոցէ ռուսական ուղղաթիռը 2020-ի երկրորդ ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ, մենք կը ներենք, Ատրպէյճանը կը շրջափակէ Ղարաբաղը, որ կ’աջակցէր Ռուսաստանին եւ կ’ուզէր իր ճակատագիրը կապել Ռուսաստանի հետ, աչք փակելով` Ատրպէյճանը ԼՂ-էն կը վտարէ հաւատարիմ եւ հիմնականին մէջ ռուսալեզու հայ բնակչութիւնը, մենք կը հանդուրժենք, Ատրպէյճանը լկտիաբար կը ձերբակալէ Ռուսաստանի հետ դաշինքի կողմնորոշում ունեցող Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը, այդ շարքին` գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանը, մենք կը լռենք», կը գրէր Ռուս քաղաքագէտը:
Նոյնանման կարծիք կը յայտնէ նաեւ Ռուսաստանի Պետական Դումայի պատգամաւոր Կոստանթին Զատուլինը րսելով. «Երբ անհրաժեշտ էր, որ Ռուսաստանը աչք փակեր Ղարաբաղի պատերազմի, սադրանքներուն, յանցագործութիւններուն, խոցուած ուղղաթիռին, այն ժամանակ եղան գործընկերային յարաբերութիւններ: Երբ անհրաժեշտ էին խողովակաշարային երթուղիներ անցկացնել, այդ ժամանակ մեզ կը շրջապատէին խնամքով եւ ուշադրութեամբ: Երբ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութիւնը աւարտեցաւ այնպէս, ինչպէս աւարտեցաւ, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը որոշեց օգտագործել ցանկացած պատրուակ` Ռուսաստանի նկատմամբ իր յատուկ վերաբերմունքը ցոյց տալու համար»։ Զատուլինին միացան շարք մը այլ Ռուս պատգամաւորներ, պահանջելով որ Ռուսաստան դիմէ պատասխան քայլերու:
Այս բոլորով հանդերձ, լուռ են Քրեմլինի գլխաւոր խօսնակներ` Մետիետեւը, Լաւրովը, Պեսքովը, Զախարովան եւ ուրիշներ, որոնք գրեթէ ամենօրեայ հերթականութեամբ մեղադրանքներ ու զգուշացումներ կը հնչեցնեն Հայաստանի հասցէին, որ պարզապէս կը փորձէ ապահովել իր երկրի սահմաններն ու տարածքային ամբողջականութիւնը ու իր ազգային շահերէն բխող որոշումներ կը կայացնէ, առանց հակաևռուսական հիստերիա ստեղծելու իր ժողովուրդին մօտ, ինչ որ ներկայիս կը կատարէ Ալիեւի իշխանութիւնը:
Այժմ մտածելու տեղի կու տայ թէ արդեօ՞ք Պաքու յոյսը կտրած է Ռուսաստանի օգնութեամբ «Զանգեզուրի միջանցքին» տիրանալու ծրագիրէն, ու չի վարանիր մի քանի աստիճանով ցած իջեցնել` երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմավարական ու դաշնակցային յարաբերութիւնները: Ի՞նչ որ ալ ըլլան Պաքուի հետապնդած նպատակները, ժամանակն է, որ Քրեմլինի ամենաբարձր օղակները վերարժեւորեն իրենց նախկին քայլերը ու հասկնան, որ գործեցին աշխարհաքաղաքական մեծ սխալ` Ատրպէյճանը ընդունելով որպէս դաշնակից ու բարեկամ, որուն դիմաց զոհելով Հայաստանն ու Հայ ժողովուրդը:
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»