Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ու Հնդկաստանի Համատեղ Ջանքերը Ուղղուած Են Ոչ Միայն Երկիրներու Պաշտպանունակութեան Բարձրացման. Պապիկեան

Հայաստանի Ու Հնդկաստանի Համատեղ Ջանքերը Ուղղուած Են Ոչ Միայն Երկիրներու Պաշտպանունակութեան Բարձրացման. Պապիկեան

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Հնդկաստան գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան, Փետրուար 11-ին, մասնակցած է «Aero India» ցուցահանդէսի շրջանակին մէջ տեղի ունեցող պաշտպանութեան նախարարներու՝ «Կառուցել դիմադրողականութիւնը միջազգային պաշտպանութեան եւ համաշխարհային ներգրաւման միջոցով» թեմայով առանձնաժողովին:

Նախարարը իր ելոյթին մէջ նշած է, որ Հայաստանի ու Հնդկաստանի համատեղ ջանքերը ուղղուած են ոչ միայն երկիրներու պաշտպանունակությեան բարձրացման, այլեւ միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութեան, խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման։

Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը ներկայացուցած է տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ Հայաստանի մօտեցումները, ինչպէս նաեւ ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծը։

Սուրէն Պապիկեան նաեւ զրոյց ունեցած էր Հնդկաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Անիլ Չաուհանի հետ:

«The Times of India» պարբերականը, վկայակոչելով իր աղբիւրները, անցեալ տարուայ Հոկտեմբերի վերջը հաղորդեց, որ Հայաստան, ԱՄՆ եւ Ֆրանսա 2023-2024 ֆինանսական տարուան մէջ դարձած են հնդկական պաշտպանական արտադրանքի խոշորագոյն ներկրողները։

Հրապարակման համաձայն՝ Հայաստանը վերջին չորս տարուայ ընթացքին շարք մը գործարքներ կնքած է Հնդկաստանի հետ՝ հրթիռներու, հրետանիի, հրթիռային համակարգերու, ռատարներու, զրահաբաճկոններու եւ գիշերային տեսողութեան սարքերու, ինչպէս նաեւ զինամթերքի եւ հրետանիի լայն տեսականի ներկրելու համար։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը չէ մեկնաբանած ռազմական գնումները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment