Սիւնիքի մարզի դատարանը Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեանը մեղաւոր ճանչցած եւ դատապարտած է բանտարկութեան 5,5 տարի ժամկէտով:
Անոր մեղադրանք առաջադրուած էր ՀՀ Քրէական օրէնսգրքի 550-րդ 3-րդ մասով (Զինուորական պաշտօնական անփութութիւնը):
Յիշեցնենք՝ 2022 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին էր Քննչական Կոմիտէն յայտարարած էր Ջալալ Յարութիւնեանին մեղադրանք առաջադրելու մասին:
Ըստ ՔԿ հաղորդագրութեան՝ Ջալալ Յարութիւնեանը 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին՝ յայտարարուած ռազմական դրութեան պայմաններուն մէջ, անփոյթ վերաբերմունք դրսեւորած է իր ծառայողական պարտականութիւններուն նկատմամբ՝ չկատարելով եւ ոչ-պատշաճ կատարելով զանոնք, որուն հետեւանքով յառաջացած են ծանր հետեւանքներ։
Ցորի զօրամասի Դ-20 հրետանային բաժանմունքի 20 զինուոր զոհուած է, իսկ մէկ զինուորի գտնուելու վայրը մինչեւ օրս անյայտ է: