Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալէն Սիմոնեան Պելճիքայի Ծերակոյտի Նախագահին Ներկայացուցած Է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախագիծը

Ալէն Սիմոնեան Պելճիքայի Ծերակոյտի Նախագահին Ներկայացուցած Է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախագիծը

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Պելճիքա գտնուող ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Փետրուար 7-ին հանդիպած է Պելճիքայի Թագաւորութեան Ծերակոյտի նախագահ Վալերի Տէ Պուի հետ: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են միջխորհրդարանական համագործակցութեան վերաբերող տարբեր հարցեր` անդրադարձ կատարելով նաեւ ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններու խորացման բազմակողմ օրակարգին եւ Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներու թեմային:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու խնդիրին ու տարածաշրջանային հետաքրքրութեան այլ հարցերու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment