Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութիւնը Մտահոգուած Է Զանգեզուրի Պղնձամոլիբդենային Գործարանին Մէջ Վիճակով, Այդ Պիտի ԱզդԷ Տնտեսական Ցուցանիշերուն Վրայ. Պապոյեան

Կառավարութիւնը Մտահոգուած Է Զանգեզուրի Պղնձամոլիբդենային Գործարանին Մէջ Վիճակով, Այդ Պիտի ԱզդԷ Տնտեսական Ցուցանիշերուն Վրայ. Պապոյեան

by MassisPost

«Կառավարութիւնը մտահոգուած է Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային գործարանում ստեղծուած իրավիճակով, որովհետեւ Հայաստանի արդիւնաբերութեան առաջատարը եթէ մէկ շաբաթ չի աշխատում, դա ակնյայտօրէն ազդելու է տնտեսական ցուցանիշների եւ հարկերի հաւաքագրման վրայ։ Մեզ համար այս առումով ամենակատարեալ տարբերակը կը լինի՝ հնարաւորինս շուտ գործարանը սկսի աշխատանքը»:

Կառավարութեան նիստէն յետոյ լրատուամիջոցներու հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան՝ յաւելելով, որ հարցը արհմիութեան եւ հանքարդիւնաբերութեան համալիրի աշխատակիցներու տիրոյթին մէջ կը գտնուի:

«Որպէս Տնտեսութեան նախարարութիւն՝ մենք շատ կ’ուզենք, որ մէկ օր շուտ վերսկսուի հանքարդիւնաբերութիւնը»,- յաւելեց Գէորգ Պապոյեան:

Նշենք, որ արդէն գրեթէ մէկ շաբաթէ գործարանի աշխատակիցները գործադուլ կ’ընեն, իսկ Փետրուար 5-ին աշխատակիցներուն ու Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային գործարանի ղեկավարութեան միջեւ բանակցութիւնները աւարտած են անարդիւնք։

Գործադուլի դուրս եկած աշխատակիցները կը պահանջեն աշխատավարձի արժանապատիւ բարձրացում՝ անընդունելի համարելով տնօրէնութեան առաջարկները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment