Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան հանդիպում ունեցած է երկրի կաթոլիկ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Վարդան Գազանճեանի հետ։
Այս մասին նշուած է Թուրքիոյ նախագահի կայքին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ:
Կը նշուի, որ Էրտողանի եւ հայ հոգեւոր առաջնորդին միջեւ հանդիպումը տեղի ունեցած է Սթամպուլի Աթաթուրքի անուան օդակայանի պետական հիւրատան մէջ։
Հանդիպման վերաբերեալ այլ մանրամասութիւնններ չեն հաղորդուիր։