Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Նոր Պետական Քարտուղարը Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարին Հետ Զրոյցին Կարեւորած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Կայուն Եւ Արժանապատիւ Խաղաղութիւնը

ԱՄՆ Նոր Պետական Քարտուղարը Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարին Հետ Զրոյցին Կարեւորած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Կայուն Եւ Արժանապատիւ Խաղաղութիւնը

by MassisPost

ԱՄՆ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօն հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ, որուն ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան կարեւորությունը։ Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը։

ԱՄՆ պետական քարտուղարը հաստատած է ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, Թուրքիոյ դերը որպէս ՆԱԹՕ-ի առանցքային դաշնակից եւ տարածաշրջանին մէջ ընդհանուր շահերը։ Ռուպիօն նաեւ ընդգծած է Սուրիոյ մէջ ներառական անցման անհրաժեշտութիւնը՝ երաշխաւորելով, որ նոր կառավարութիւնը թոյլ պիտի չտայ Սուրիային դառնալ միջազգային ահաբեկչութեան աղբիւր եւ օտարերկրեայ միաւորները պիտի զրկէ իրենց նպատակներուն համար Սուրիոյ մէջ անցումային փուլը օգտագործելու հնարաւորութենէն։

ԱՄՆ պետական քարտուղարը նաեւ իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ «Պոլու» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական հրդեհին առիթով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment