Home Uncategorized Հայաստան Այժմ Սերտօրէն Կ’աշխատի ԵՄ-ի Հետ, Զգալի Փոփոխութիւններ Կան Յարաբերութիւններուն Մէջ. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան Այժմ Սերտօրէն Կ’աշխատի ԵՄ-ի Հետ, Զգալի Փոփոխութիւններ Կան Յարաբերութիւններուն Մէջ. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստան այժմ սերտօրէն կ’աշխատի Եւրոմիութեան հետ, եւ նախորդ տարուայ ընթացքին զգալի փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ։

Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համագումարի շրջանակներուն մէջ կայացած քննարկման ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Օրինակ՝ մենք սկսել ենք վիզաների ազատականացման գործընթացը, այդ համաձայնագիրը մեր օրակարգում էր տարիներ շարունակ, սակայն մենք ի վիճակի չէինք նոյնիսկ բանակցութիւններ սկսել այդ առթիւ։ Յոյս ունեմ, որ մենք կը կարողանանք աւարտել բանակցութիւններն ու հնարաւորինս շուտ ստորագրել ԵՄ-ի հետ վիզաների ազատականացման համաձայնագիրը։

«Հայաստանն այժմ ընդգրկուած է նաեւ եւրոպական խաղաղութեան գործիքակազմի ծրագրում, ինչը նոյնպէս շատ կարեւոր է։ Ներկայումս Հայաստանում աշխատում է ԵՄ դիտորդների քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը։ Մենք նաեւ Եւրամիութեան հետ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին համաձայնագրի իրականացման գործընթացում ենք»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեան:

Անդրադառնալով տնտեսական կապերուն՝ վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստան կը փափաքի ԵՄ-ին մերձենալ նաեւ տնտեսապէս, սակայն միւս կողմէ ալ կը փափաքի սերտ տնտեսական համագործակցութիւն իրականացնել նաեւ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն հետ։

«Դժբախտաբար, մեր անկախութիւնից ի վեր մենք գտնուել ենք որոշակի տնտեսական մեկուսացման մէջ, որովհետեւ Թուրքիայի եւ Ատրպէյճանի հետ մեր սահմանները փակ են եղել եւ փակ են նաեւ այսօր։ Որպէս համաշխարհային փոփոխութիւնների արգասիք՝ մենք սեղանին ենք դրել «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը, որին արդէն ծանօթ էք։ Այդ նախաձեռնութիւնը թոյլ կու տայ ճանապարհային հաղորդակցութիւնը մեր տարածաշրջանում դարձնել աւելի արդիւնաւէտ՝ ստեղծելով նոր հնարաւորութիւններ ինչպէս Թուրքիայի, այնպէս էլ Ատրպէյճանի համար, ինչը թոյլ կու տայ խորացնել համագործակցութիւնը նաեւ Իրանի ու Վրաստանի հետ»,- ըսած է վարչապետը։

ՀՀ վարչապետին կարծիքով՝ նախաձեռնութիւնը շահաւէտ է նաեւ Եւրոմիութեան համար, որովհետեւ երբ այդ նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուի, ապա այդ պարագային կ’ունենանք հաղորդակցական ուղիներու նոր շղթաներ Հայաստանի ու ԵՄ-ի միջեւ։ Ատիկա, ըստ վարչապետին, միայն տնտեսական խնդիր չէ, այլեւ անվտանգութեան լրջագոյն բաղադրիչ կը պարունակէ, ինչ որ չափազանց կարեւոր է համապարփակ կայունութեան համար։

Հայաստան կը շարունակէ աշխատիլ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ։ Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համաժողովի շրջանակներուն մէջ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Մարդիկ ինձ հարցնում են՝ լաւատե՞ս եմ, թէ՞ վատատես, իսկ ես պատասխանում եմ, որ իրատես եմ՝ հասկանալով, որ պէտք է աշխատենք այնքան՝ մինչեւ խնդիրը լուծուի։ Ամենակարեւորն ու էականը խաղաղութեան օրակարգից չշեղուելն է, ուստի մենք պէտք է կեդրոնանանք հիմնական նպատակի իրականացման վրայ, աշխատենք անդադրում՝ անշուշտ ակնկալելով միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը։ Յոյս ունենք, որ կը ստանանք այդ աջակցութիւնը»,- ըսած է Փաշինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment