Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Ստորագրեցին Ռազմավարական Գործընկերութեան Մասին Փաստաթուղթ

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Ստորագրեցին Ռազմավարական Գործընկերութեան Մասին Փաստաթուղթ

by MassisPost

Յունուար 14-ին  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընը Ուաշինկթընի մէջ ստորագրեցին ռազմավարական գործընկերութեան մասին կանոնագրութիւնը:

Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները ստորագրեցին ռազմավարական գործընկերութեան մասին համաձայնագիր, որ կը հաստատէ երկարատեւ եւ լայնածաւալ գործակցութիւն:

«Կը ստեղծենք ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողով մը, որ կ’ենթադրէ ընդլայնել գործակցութիւնը տնտեսական, անվտանգութեան, պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան, ներառականութեան եւ միջանձնային յարաբերութիւններու ոլորտներուն մէջ», – յայտարարեց Էնթոնի Պլինքընը:

Բացի ատկէ, պետական քարտուղարը յայտարարեց, թէ կը գործակցին Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ամրապնդելու ջանքերը ինքնիշխանութեան եւ ինքնիշխան տարածքի պաշտպանութեան ուղղութեամբ:

Ան նշեց, որ յաջորդ շաբաթ ԱՄՆ-էն սահմանային անվտանգութեան յատուկ խումբ մը Հայաստան պիտի ժամանէ, որպէսզի համատեղ սահմանային անվտանգութեան աշխատանքներ կատարուին:

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ուաշինկթընի ջանքերուն, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին ամբողջականութիւնը եւ ՀՀ անխախտելիութիւնը պաշտպանելու համար: Ան շեշտեց, որ Երեւանը յանձնառու է խաղաղութեան օրակարգին եւ յստակ յառաջխաղացք կը տեսնէ:

«Մենք խորապէս գնահատում ենք ԱՄՆ-ի հաստատուն աջակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան», – ըսաւ Միրզոյեան:

Ան նաեւ յայտնեց, որ պաշտօնական Երեւանը պատրաստ է աշխատելու Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմին հետ:

Ինչ կը վերաբերի կանոնագրին, ան նշեց, անիկա ընդգրկած է բազմաթիւ ոլորտներ, ներառեալ տնտեսական եւ ուժանիւթի կապերու ամրապնդումը, հաղորդակցութիւններ, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան գործակցութեան խորացումը, ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդումը, արդարադատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան խթանումը, նորարարութիւններու եւ բարձր արհեստագիտութիւններու զարգացումը, ինչպէս նաեւ մարդոց միջեւ շփումներու ընդլայնումը:

«Մենք նաեւ կը սկսինք բանակցութիւններ ԱՄՆ հետ միջուկային գործակցութեան համաձայնագիրի շուրջ, որ ճանչցուած է որպէս «123-րդ համաձայնագիր: Այս համաձայնագիրը պիտի ընձեռէ խաղաղ նպատակներով միջուկային ուժանիւթի օգտագործման հարցով գործակցութեան նոր հորիզոններ», – աւելցուց Միրզոյեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment