Ատրպէյճանցի իրաւապաշտպան, ղարաբաղեան հարցով փորձագէտ, նախկին քաղաքական բանտարկեալ Արիֆ Եունուսով չի կարծեր, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին ելոյթները կը նշանակեն, որ շուտով պատերազմ պիտի ըլլայ, «ինչպէս հայ հասարակութեան մէջ շատերը կարծեցին»։
Ըստ փորձագէտին՝ Ալիեւի յայտարարութիւնները աւելի շատ ուղղուած էին Եւրոմիութեան ու Միացեալ Նահանգներուն, նկատելով որ եւրոպացի դիտորդներու թեման վաղուց կը ջղագրգռէ թէ՛ Պաքուին, թէ՛ Մոսկուային։
Ընդգծելով, որ Ալիեւ բազմիցս խօսած է Հայաստանի սպառազինութեան, «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին, Եունուսով շեշտեց, որ ատրպէյճանցիներուն համար այս թեմաները արդէն շատ չարչրկուած են, եւ անոնք Ատրպէյճանի մէջ մեծ հնչեղութիւն չեն ստանար, փոխարէնը Արեւմուտքի, մասնաւորապէս, ամերիկացիներու հետ յարաբերութիւնները, ըստ փորձագէտին, Պաքուի մէջ աւելի կարեւոր թեմա կ’ընկալուին։
«Հայաստանի մէջ շատերը կարծեցին, որ անոր կոշտ, յարձակողական հռետորաբանութիւնը կը նշանակէ, որ Ատրպէյճան կը պատրաստուի պատերազմի: Չեմ կարծեր, որ հիմա այդ այդպէս է: Ատրպէյճանի մէջ կայ այն ըմբռնումը, որ մենք չենք առաջատար աշխարհաքաղաքական խաղացողները այս խաղին մէջ, այլ կան այլ խաղացողներ, օրինակ, Միացեալ Նահանգները։ Կը մտածեն՝ թող Թրամփը գայ, տեսնենք թէ ինչ պիտի ըլլայ։ Իսկ Թրամփը հիմա առաջին հերթին պիտի զբաղի Ռուսաստանով, Ուքրանիայով։ Ան ժամանակ պիտի չունենայ մեր տարածաշրջանի գործերով զբաղելու։ Իսկ նման պայմաններու մէջ դժուար թէ այստեղ որեւէ լուրջ սրացում ըլլայ։ Յայտարարութիւններ, ելոյթներ, այո՛, պիտի ըլլան։ Անոր պէտք է պատրաստ ըլլալ»,- «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ փորձագէտը: