Ւր այս թիւով «Մասիս» Շաբաթաթերթը կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 45-րդ տարին, որոնց ընթացքին ան մնաց հաւատարիմ իր սկզբունքներուն եւ առաքելութեան: Որպէս պաշտօնաթերթ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, «Մասիս» եղաւ բանբերը Կուսակցութեան քաղաքական ուղղութեան ու առանց վարանելու պաշտպանեց այդ դիրքորոշումները մեր հայրենական ու սփիւռքեան կեանքէն ներս:
Շատ յաճախ կը լսենք այն խօսքերը, թէ «Մասիս» տեսակէտ ունեցող թերթ է: Մենք հպարտ ենք անոր համար: Որեւէ մամուլ, որ չունի քաջութիւնը՝ կանոնաւոր կերպով իր խօսքը փոխանցելու՝ գնահատանքի եւ կամ քննադատութեան արժանանալու, դատապարտուած է մոռացութեան:
«Մեր Անկիւնէն» սիւնակով մենք ամենէն աւելի կը կեդրոնանաք Հայաստանի վրայ, քանի որ «Մասիսի» եւ առհասարակ սփիւռքահայ մամուլի գոյութիւնը պայմանաւորուած է Հայրենիքէն ներս ու անոր շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով:
Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան տարիներուն ՍԴՀԿ ընդդիմադիր դիրքերու վրայ էր ու կը քննադատէինք այդ օրերուն գոյութիւն ունեցող յոռի բարքերը, սակայն այդ բոլորը կը կատարէինք առանց ատելութեան խօսքի կամ վիրաւորանքի: Անոնք մեր քաղաքական հակառակորդներն էին՝ սակայն ոչ թշնամիները:
Վերջին տարիներուն մենք կը զօրակցինք Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու ու վեր կ՛առնենք անոնց վարած ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան դրական կողմերը, դարձեալ առանց չափազանցութիւններու մէջ մտնելու:
Ըլլալով հանդերձ կուսակցական՝ յանձնառու հրատարակութիւն մը «Մասիս» իր էջերը լայն բացաւ տարբեր հակումներ եւ կամ քաղաքական պատկանելութիւն ունեցող մտաւորականներու առջեւ, որպէսզի անոնք կարողանան ազատօրէն հաղորդակցելու իրենց ընթերցողներուն հետ:
Այս տարիներու ընթացքին «Մասիս» նաեւ քայլ պահեց գիտական նորութիւններու հետ ու 1994-ին դարձաւ առաջին հայատառ թերթը համացանցի վրայ: Որուն հետեւեցաւ «MassisPost» Անգլերէն կայքէջը, որ մնայուն թարմացումներով գրաւեց Հայ եւ ոչ-հայ ընթերցողներու ուշադրութիւնը:
Ներկայիս սփիւռքահայ մամուլը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ դժուարութիւններ: Սակայն, այդ յատուկ չէ միայն հայկական թերթերուն: Թուայնականացման ու արհեստական բանականութեան այս ժամանակաշրջանին տպագիր թերթերու ապագան հարցականի տակ է աշխարհի գրեթէ բոլոր կողմերուն: Հայատառ բազմաթիւ թերթեր, որոնցմէ շատեր աւելի երեց՝ քան «Մասիսը», ի գին բազում զոհողութիւններու, կը շարունակեն մուտք գործել հայերու տունէն ներս ու մենք ուրախ ենք, որ անոնց շարքին ենք՝ 45 տարիներէ ի վեր:
«Մասիսի» հրատարակութեան այս տարեդարձին առթիւ ուզեցինք այս կարճ խորհրդածութիւնները յանձնել թուղթին, յուսալով, որ յաջորդ տասնամեակներուն եւս հաւատարիմ մնալով նոյն ուղեգիծին կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը՝ Լոս Անճելըսահայ համայնքէն ներս
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»