Պաքուի բանտին մէջ պահուվող Ռուբեն Վարդանեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի դատավարութիւնը պիտի սկսի Յունուար 17-ին:
Այս մասին Minval-ին յայտնած է դատաւորներու կազմի անդամ Անար Ռզաեւը։
Անոր խօսքով՝ այդ օրը պիտի որոշուի, թէ նիստը պիտի ըլլայ փակ, թէ բաց ձեւաչափով։ Հնարաւոր է, որ գործընթացի որոշ հատուածներ լսուին փակ դռներու ետին։ Բացի անկէ, հարցում ուղարկուած է Ատրպէյճանի իրաւաբաններու ընկերակցութեան՝ փաստաբաններ նշանակելու մասին, ովքեր պիտի պաշտպանեն ամբաստանեալներու շահերը դատարանին մէջ։
Վարդանեանի դէմ յարուցուած քրէական գործը անցեալ տարեվերջին ուղարկուած է Պաքուի Զինուորական դատարան։
Յիշեցնենք՝ անցած տարի Սեպտեմբերին ապօրինի ձերբակալուած Ռուբէն Վարդանեանին եւ ԼՂ եւս 7 նախկին պաշտօնեաներու առաջադրուած են շինծու մեղադրանքներ: