Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Ու՞ր Կ’երթանք

Ու՞ր Կ’երթանք

by MassisPost

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

«Մենք չափազանց շատ կը մտածենք եւ շատ քիչ կը զգանք: Մեքենաներէ աւելի, մեզի մարդկութիւն է պէտք: Ճարպիկութիւնէ աւելի, մեզի բարութիւն եւ ազնուութիւն է պէտք: Առանց այս յատկանիշերուն, կեանքը կատաղի կը դառնայ եւ ամէն ինչ կը կորսուի»: Չարլի Չափլին-1940

«Սարսափելիօրէն ակնյայտ դարձած է, որ արուեստագիտութիւնը (թեքնոլոճի) գերազանցած է մեր մարդկութեանը»: Ալպըրթ Այնշթայն-1940-ականներ

Ու՞ր կրնայ յանգիլ աշխարհ մը, ուր ստախօսութիւնն ու խաբեբայութիւնը յաջողութեան հասնելու համար աւելի արդիւնաւէտ միջոցներ կը նկատուին, քան՝ ճշմարտութիւնն ու անկեղծութիւնը: Ուր անձնական շահը, նոյնիսկ ի հեճուկս հաւաքականութեան վնասին, աւելի կը հետապնդուի ու ճարպիկութիւն կը սեպուի: Ուր նպատակին հասնելու համար ամէն խարդախութիւն ընդունելի կը նկատուի: Ուր անմիջական եւ մանր շահի ապահովումը աւելի նախընտրելի կը սեպուի, քան երկարաժամկէտ ու հետեւաբար աւելի նպաստաւոր շահը: Ուր հաւաքականութեան բարորութեան ի նպաստ գործելու մտածողութիւնը կը փոխարինուի այդ հաւաքականութիւնը շահագործելու մտածողութեամբ: Ուր «մեծ»երը, աւելի մեծնալու մարմաջէն տարուած, ոտնակոխ կ’ընեն «փոքր»երը:

Այս աշխարհի վրայ մարդկային կեանքի բարելաւումը միշտ ալ հիմնական նպատակներէն մին, եթէ ոչ ամենահիմնականը եղած է բոլոր փիլիսոփաներուն, իմաստասէրներուն, մարգարէներուն եւ յեղափոխականներուն, սկսած հին Արեւելքէն ու հասնելով մինչեւ ներկան: Զանազան կրօնքներու եւ փիլիսոփայութիւններու  ծնունդն ալ արդիւնք եղած է այս նպատակի հետապնդման: Բայց երբ ասոնք, փոխան իրարհասկացողութեան, անցած են մրցակցութեան, ապա ոչ միայն շեղած են իրենց նպատակներէն, այլ նոյնիսկ դարձած վնասաբեր: Վկայ՝ կրօնքներու եւ տարբեր գաղափարախօսութիւններու միջեւ մղուած աւերիչ պատերազմները: Երբ տիրապետութիւնը դարձած է նպատակ, ապա կորսուած է բուն նպատակը:

Քրիստոսէ առաջ 4րդ դարուն յոյն փիլիսոփայ Արիսդոդել, լաւագոյն որակ ունեցող մարդոց իշխանութիւնը սահմանեց Արիսթոքրասի (Aristocracy) բառով: Նկատելով որ ներկայիս ընդհանրապէս ոչ թէ լաւերը, այլ պատեհապաշտներն ու նաեւ վատերն են որ կը տիրանան իշխանութեան, փնտռեցինք, որ ի՞նչ բառ լաւագոյնս կը սահմանէ անոնց իշխանութիւնը եւ գտանք Քաքիսթոքրասի (Kakistocracy) բառը, որ կը նշանակէ վատերու իշխանութիւն: Այս բառը հայերուս համար կրնայ շինծու նկատուիլ, բայց իրական բառ է: Արմատը՝ յունարէն kakos բառն է, որ կը նշանակէ վատ: Ուրեմն ընթերցողի երեւակայութեան կը թողում, որ ու՞ր կրնայ մեզ առաջնորդել քաքիսթոքրասիի իշխանութիւնը:

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի բովէն անցած զօրավար ու ապա ԱՄՆ-ի նախագահ Այզընհաոր, նախագահական իր վերջին պատգամին մէջ կը զգուշացնէր ամերիկացիները ռազմա-արդիւնաբերական համալիրի աճող հզօրացումէն, որ կը սպառնար ազատութեանց եւ ժողովրդավարական գործընթացի սահմանափակման: 17 Յունուար 1961-ի իր ելոյթին մէջ ան կ’ըսէր. «Մեր աշխատանքը, պաշարները եւ ապրուստը բոլորն ալ իրար հետ կապուած են: Այդպէս է նաեւ մեր հասարակութեան կառուցուածքը: Կառավարութեան խորհուրդներուն մէջ մենք պէտք է զգոյշ ըլլանք ռազմա-արդիւնաբերական համալիրի կողմէ չարդարացուած ազդեցութեան տիրանալէ, ըլլայ այդ ցանկալի, թէ ոչ ցանկալի: Չարաշահուող իշխանության աղետալի աճի հաւանականութիւնը կայ ու կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ: Մենք երբեք պետք չէ թոյլ տանք, որ այս համակցության ծանրութիւնը վտանգի ենթարկէ մեր ազատութիւնները կամ ժողովրդավարական գործընթացները: Մենք ոչինչ պետք չէ ընկալենք որպէս ինքնին: Միայն զգօն և բանիմաց քաղաքացին կարող է պարտադրել պաշտպանութեան հսկայական արդիւնաբերական և ռազմական մեքենաները պատշաճ կերպով ներդաշնակել մեր խաղաղ մեթոդներուն և նպատակներուն, որպեսզի անվտանգութիւնն ու ազատութիւնը միասին բարգաւաճին»:

Դժբախտաբար, «զգօն ու բանիմաց քաղաքացի»ի նահանջին դիմաց, այդ հզօրացող ազդեցութեան արդիւնք եղան աւելի քան 250 փոքր պատերազմները, որ մղուած են այդ թուականէն ի վեր ու դեռ կը մղուին: Այդ հզօրացող ազդեցութեան արդիւնք է նաեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի ազդեցութեանց մաշումը: Մ.Ա.Կ.-ի եւ անոր կից Դատարանի հիմնադրութեան նպատակը եղած է պահպանել միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը՝ կանխելով հակամարտութիւնները եւ աշխատելով վէճերու խաղաղ լուծման վրայ: Դժբախտաբար տարուէ տարի ականատես կ’ըլլանք այդ նպատակի մաշումին եւ անարդիւնաւէտութեան, ի տես որոշ պետութիւններու սանձարձակ գործունէութեանց եւ նոյնիսկ անոնց կողմէ Մ.Ա.Կ.ի եւ անոր կից Դատարանի որոշումներուն անտեսումին: Մեր նշած պատերազմներուն հազարաւոր միլիառներ ծախսուած են, միլիոնաւոր կեանքեր խլուած ու ահաւոր աւերումներու պատճառ դարձած: Պետութիւններ քայքայուած են եւ անոնց խաղաղ բնակչութիւնը ցիրուցան դարձած: Եթէ զինամթերքներու վրայ ծախսուած գումարները ծախսուէին բոլորի կեանքերու բարելաւման վրայ, յստակ չէ՞, որ աշխարհ շատ աւելի լաւ վիճակի մը մէջ պիտի ըլլար ներկայիս: Բայց այդպէս վարուելու համար, ընդհանուրի շահով պէտք է առաջնորդուիլ: Բայց երբ տիրապետելու մարմաջը գերիշխող է որեւէ ուժի կողմէ, տուժողը կ’ըլլայ ընդհանուր հասարակարգը: Եւ աշխարհ կը մատնուի այս տխուր վիճակին:

Թէ ու՞ր կրնանք յանգիլ այս ընթացքով, նշենք Այնշթայնի մէկ նախատեսութիւնը: «Ես չեմ գիտեր թէ ի՞նչպիսի զէնքերով պիտի մղուի համաշխարհային 3րդ պատերազմը, բայց գիտեմ, որ 4րդը պիտի մղուի գաւազաններով եւ քարերով»: Պարզ է, չէ՞:

Մեր ընելիքը

Համաշխարհային այս կացութեան մէջ, ի՞նչ կրնայ ըլլալ մեր ընելիքը, որ ազգովին ոտնատակ չ’երթանք նոր կազմաւորուող աշխարհակարգի վերիվայրումներուն:

Նորութիւն մը ըսած չենք ըլլար եթէ առաջարկենք վերստին կարդալ մեր պատմահայր Խորենացիի «Ողբ»ը եւ դասեր քաղել հոնկէ: Վերստին կարդալ «Սասնայ Ծռեր»ը եւ դասեր քաղել հոնկէ: Վերստին կարդալ Թումանեանի, Ռաֆֆիի, Պատկանեանի, Չարենցի եւ մեր այլ մեծերու կատարած ախտաճանաչումները Եւ աշխատիլ անոնց դարմանումին վրայ: Մեր ազգային կրթական համակարգը պէտք է ծանրանայ այդ դասերու տարածման վրայ, որով կարելի պիտի ըլլայ վերատեսութեան ենթարկել մեր ազգային մտածելակերպը: Անձնականէ դէպի ազգային: Ինքնախաբէութիւնէ դեպի ինքնճանաչում: Պոռոտախօսութիւնէ դէպի քննական մօտեցում: Յուզականութիւնէ դէպի սառը դատողութիւն: Մեր ձախողութեանց համար օտարը այպանելէ դէպի սեպհական պատասխանատուութեան գիտակցութիւն: Օտարին վստահելէ դէպի ինքնապաշտպանութեան հզօրացում: Իրարու վրայ բռնանալէ դէպի իրարհասկացողութիւն: Երբ այդ ուղղութեամբ կ’աշխատինք, պիտի յաջողինք ստեղծել մշակոյթ մը, որ հետամուտ պիտի ըլլայ մեր հասարակութեան շահերու հետապնդման, քաջ գիտակցելով, որ միայն այդ միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ թէ՛ մեր անձնականը եւ թէ՛ մեր ազգայինը ամուր հիմերու վրայ դնել:

Արդեօ՞ք երազային է մեր մտածելակերպը, անիրական եւ անիրագործելի: Ոչ երբէ՛ք: Պատմութեան ընթացքին, այն պետութիւնները որոնք ապաւինեցան գաղափարի ու մտքի ուժին վրայ, կրցան հզօրանալ եւ տարածել իրենց ազդեցութիւնը: Բայց երբ ապաւինեցան միայն զէնքի ուժին, անոնց տիրապետութիւնը արդէն վայրէջքի մէջ էր: Վայրէջքի մէջ եղող «մեծ»ը ամէն գնով պիտի փորձէ անկայունութիւն ստեղծել աշխարհի մէջ, որպէսզի կարենայ երկրաձգել իր տիրապետութիւնը: Ան պիտի հրահրէ պատերազմներ, պիտի փորձէ տնտեսական մենաշնորհներու տիրանալ, էական հիմնանիւթեր եւ պաշարներ իր տիրապետութեան տակ առնել եւ այս ընթացքին, ան երբէ՛ք հոգ պիտի չ’ընէ, թէ որուն ազգային շահերը պիտի ոչնչացնէ: Վկա՛յ, վերջին մի քանի տասնամեակներուն Իրաքի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ պետութեանց քայքայումը, բռնապետներէ ձերբազատուելու եւ ժողովրդավարութիւն տարածելու շղարշին տակ: Այդ երկիրներու ժողովուրդներն ու պետական կառոյցները աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ էին բռնապետերու օրով, քան անոնց տապալումով: Փաստ, որ մեզ պէտք է հասկցնէ թէ ի՞նչ կը հետապնդեն «մեծ»երը:

Դժբախտութիւնը հոն է, որ ժողովրդավարութեան գաղափարը, որ մեզ նման փոքր ազգերու համար իրենց ազգային շահերը պաշտպանելու ամենէն գործնական եւ օգտաշատ միջոցն է, կ’ոտնակոխուի նոյնինքն ժողովրդավրութեան ռահվիրայ Ա.Մ.Ն.ի կողմէ, երբ տուեալ երկրի ժողովրդավարացումը չհամընկնիր անոր շահերուն: Վկա՛յ, Մուսատէքի ժողովրդավար կառավարութեան տապալումը Իրանի մէջ, 1953-ին: Վկա՛յ, Այենտէի ժողովրդավար կառավարութեան տապալումը Չիլիի մէջ, 1973-ին: Պատճառը՝ ժողովրդավարութեան գաղափարի շահագործումն է նոյնինքն անոր ջատագով «մեծ»երու կողմէ: Այսօրուան Ա.Մ.Ն.ը 1950-1960-ականներու ժողովրդավար երկիրը չէ, երբ ան կը կառավարուի ռազմա-արդիւնաբերական համալիրի եւ միլիարդատէրերու կողմէ: Այսօրուան Ա.Մ.Ն.ը եթէ չվերադառնայ այն սկզբունքներուն, որոնք նպաստեցին իր «մեծ» դառնալուն, ապա պիտի գտնուի վայրէջքի մէջ, որ Չարլի Չափլինի կարծիքով, կեանքը պիտի դարձնէ կատաղի եւ ամէն ինչ պիտի կորսուի:

Այս տխուր հեռանկարը լաւագոյնս դիմագրաւելու համար, մեզի կը մնայ վերադառնալ մեր ազգի մեծերու վերը նշուած դասերուն, սերտել եւ գործադրութեան դնել մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքի մէջ: Մօտ 150 տարի առաջ Ռաֆֆի կը գրէր. «Մենք չունենք ազնուականութիւն, առաջնորդներ, ղեկավարներ: Մեր ունեցածը վաճառականութիւն եւ հոգեւորականութիւն են: Վաճառականութիւնը աղբ է, իսկ հոգեւորականութիւնը միշտ դէմ է անհատի ազատութեանը: Նրանք ովքեր պատասխանատու են մեր անվտանգութեան համար, յանձագործ աւազակախումբ են»: 1988-ի շարժումը մեզ յուսադրեց, որ ի վերջոյ սկսած ենք անսալ Չարենցի պատգամին՝ որ մեր միակ փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժի մէջ է: Այդ ժամանակ մենք գրեցինք.

Բռնցքուեցա՛ն ձեռքերն հայոց,
Ղարաբաղը դարձաւ Արցախ:
Ալ չի՛ քաշէ հայ մարդը ա՜խ.
Միակա՛մ են սրտերն հայոց:

Բայց դժբախտաբար յանձագործ աւազակախումբ մը եկաւ ոչնչացնելու մեր նուաճումը, պատճառ դառնալով Արցախի կորուստին եւ արցախահայութեան տեղահանութեան իր դարաւոր հայրենիքէն:

Եթէ այսքանն ալ մեզ պիտի չի՛ սթափեցնէ մեր մէջէն գոյացնելու «Արիսթոքրասի»ի որակաւոր եւ ազնուական իշխանութիւն, ապա դատապարտուած պիտի ըլլանք «Քաքիսթոքրասի»ի աղէտներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment