Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Շրջանաւարտ Տարին Կը Ձգենք Մեր Ետին

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Շրջանաւարտ Տարին Կը Ձգենք Մեր Ետին

by MassisPost

Շրջանաւարտ տարին կը ձգենք մեր ետին ու կը դիմաւորենք նորը։ 2024 տարին չէր տարբերեր իր նախորդներէն, երբ երկրագունդի ժողովուրդները դիմագրաւեցին բազում դժուարութիւններ ու տագնապներ։ Բնական աղէտները, պատերազմները եւ քաղաքական վերիվայրումները խլեցին հազարաւոր կեանքեր։ Աղքատութիւնը շարունակեց մնալ մարդկութեան դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրը, իսկ կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքներուն  դէմ առնուած քայլերը միշտ չէ որ եղան արդիւնաւէտ։

Մեր Հայրենիք Հայաստանը եւս դիմագրաւեց ներքին ու արտաքին դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարման ուղղութեամբ առնուած քայլերը տուին իրենց դրական արդիւնքները։ Հակառակ կառավարութեան բոլոր ջանքերուն՝ իր լրումին հասցնելու խաղաղութեան պայմանագիրը, Ատրպէյճան շարունակեց անընդունելի պայմաններ ներկայացնելով ձախողութեան մատնել այդ ուղղութեամբ տարուող գործընթացը։ Խաղաղութեան ձգտելով հանդերձ,  Հայաստան շարունակեց պատրաստուիլ իր սահմաններու պաշտպանութեան։ Մեծ գումարներ յատկացուեցան բանակաշինութեան եւ արդիական զինատեսակներ ձեռք ձգելու ուղղութեամբ։ Ռազմական գետնի վրայ համագործակցութիւնը Հնդկաստանի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու հետ  Պաքուի բռնապետին  մատնեցին սարսափի ու ան սկսաւ գիտակցիլ, որ ռազմական որեւէ  նոր արկածախնդրութիւն սուղի կրնայ նստիլ իր վրայ։

Երբ Պաքու դադրեցաւ «Զանգեզուրի Միջանցքը» նախապայման նկատելէ, զինք փոխարինելու եկաւ Ռուսաստանը, որ սկսաւ օգտագործել 44-օրեայ պատերազմի աւարտին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնը, իրեն վերագրելով «միջանցքի» հսկողութեան իրաւունքը։ Հայաստան անմիջապէս յիշեցուց, որ  Ռուսաստան խախտած էր այդ պայմանագրի իրեն վերաբերող բոլոր կէտերը, որոնց  շարքին Արցախի ժողովուրդի ապահովութիւնը պաշտպանելու պարտականութիւնը։ Հայաստան մերժեց իր ինքնիշխան տարածքին վրայ երրորդ կողմի ներկայութիւնը եւ հակառակը,  պահանջեց« որ Ռուս սահմանապահները դուրս գան «Զուարթնոց» օդակայանէն ու Իրանի հետ սահմանէն, ուր կայք հաստատած էին անկախութենէն ասդին։

Ռուսաստան շարունակեց վարել ոչ հայանպաստ քաղաքականութիւն մը, վնասելով երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող  աւանդական կապերուն։ ՀԱՊԿ-ի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու սառեցումը դարձաւ մնայուն օրակարգ Ռուսաստանի քաղաքական շրջանակներուն համար, որոնք մերժելով ընդունիլ պատասխանատուութեան իրենց բաժինը, սկսան մեղադրել արեւմուտքը, որ «կը խաբէ» Հայաստանին։

Եւրոպական ընտանիքը աւելի մօտեցաւ Հայաստանին ու գործնական աջակցութիւն սկսաւ տրամադրել տարածաշրջանի միակ ժողովրդավարութեան, միաժամանակ զգուշացնելով Պաքուին, որ որեւէ ոտնձգութիւն Հայաստանի սահմաններուն դէմ պիտի ունենայ լուրջ հետեւանքներ։

Ներքին ճակատի վրայ  Կառավարութիւնը շարունակեց իրագործել բարեփոխումներու իր ծրագիրները տնտեսութեան, կաշառակերութեան դէմ պայքարի ու արդարադատութեան բնագաւառներէն ներս։ Աշխատատեղերու թիւը շարունակեց բարձրանալ ու մարդիկ սկսան ապրիլ աւելի բարեկեցիկ կեանքով մը։

Ընդդիմութիւնը իր հերթական փորձը կատարեց երկիրը ապակայունացնելու ու փողոցային անկարգութիւններու միջոցաւ իշխանափոխութեան հասնելու նպատակով։ Այս անգամ շարժումը գլխաւորեց Հայ Եկեղեցւոյ մէկ եպիսկոպոսը, որ իր կարողութիւնները գերագնահատելով ու արժանանալով ժողովուրդի կողմէ մերժումի՝ ստիպուած եղաւ հեռանալ հրապարակէն։

Միջին Արեւելքի Հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները երթալով աւելի ու աւելի սուր բնոյթ ստացան։ Լիբանանն ու Սուրիան անցան քաղաքական մեծ վերիվայրումներու ընդմէջէն։ «Հըզպալլահի» դէմ Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմի բեկորները հասան երկրի բոլոր քաղաքացիներուն։ Տնտեսական վիճակը առաւել վատթարացաւ ու շատերու հայեացքը ուղղուեցաւ դէպի արտասահման։ Լիբանանի պատերազմին յաջորդեց Սուրիոյ բռնապետական իշխանութեան արագ տապալումը։ Իշխանութեան եկող նոր ուժերը թէեւ ունին «Իսլամիստական» արմատներ, սակայն կը խոստանան յարգել այլ կրօնքներու ու փոքրամասնութիւններու իրաւունքները։ Հալէպի ու Դամասկոսի հայութիւնը սպասողական վիճակի մէջ են ու անորոշութիւնն է որ կը պատէ բոլորին։

Ամերիկան կատարեց իր ընտրութիւնը ու Սպիտակ Տան բանալիները դարձեալ յանձնեց մէկու մը, որուն պաշտօնավարման առաջին շրջանը եղաւ քաոսային։ Պաշտօններու վրայ սկսան նշանակուիլ նախագահին անձնական հաւատարմութիւն յայտնող մարդիկ, որոնք շատ յաճախ չունին տուեալ պաշտօններուն համապատասխան կարողութիւն եւ կամ խոցելի են իրենց նկարագրով ու անցեալով։ Ժողովուրդը ընտրեց մէկ՝ սակայն ստացաւ «երկու նախագահ»։ Աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդը սկսաւ գործել համանախագահի նման, օրակարգ պարտադրելով երկրի օրէնսդիր մարմինին ու նոր ծրագիրներ առաջարկելով, որոնք ճիշդ հակառակն են նախընտրական շրջանի խոստումներուն։

Գալիք նախագահը կը պահանջէ Փանամայի ջրանցքը, կ՛ուզէ գրաւել բեւեռային՝ Կրինլէնտ կղզին, որ ներկայիս կը պատկանի Տանիմարքային, իսկ Գանատան կ՛ուզէ դարձնել Ամերիկայի 51-րդ նահանգը։ Այս բոլորի կողքին ան խոստացած է դադրեցնէ բոլոր պատերազմները, Կազայէն մինչեւ Ուքրանիա, արտաքսել միլիոնաւոր գաղթականներ ու կասեցնել սղաճը։ Այժմ Ամերիկային կը սպասէ հետաքրքիր ժամանակաշրջան մը։

Նոր տարուան շեմին բոլորիս մաղթանքը մէկն է․ Խաղաղութիւն Հայաստանին, բարգաւաճ կեանք մեր ժողովուրդին, իսկ սփիւռքահայութեան՝ համախմբում Հայրենիքին շուրջ, կերտելու համար աւելի փայլ ապագայ՝ աշխարհատարած Հայութեան։

Շնորհաւոր Նոր Տարի

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment