Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Իրաւաբան Կէրի Ռ. Ֆիլլիփս՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նորընտիր Նախագահ

Իրաւաբան Կէրի Ռ. Ֆիլլիփս՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նորընտիր Նախագահ

by MassisPost

Դեկտեմբերի 7, 2024-ին՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցության Վարչական Խորհուրդը, համաձայն Ընկերակցութեան Սահմանադրութեան, ընտրեց Իրաւաբան Կէրի Ռ. Ֆիլլիփսը որպէս Խորհուրդի իր Նոր Նախագահը:

Պր. Ֆիլլիփս ծնած եւ մեծցած է Քալիֆորնիա Նահանգի Լոս Անճելոս քաղաքին մէջ: Ան աւարտած է Հարաւային Քալիֆորնիայի Համալսարանը (University of Southern California)՝ ստանալով B.S. վկայականը Գիտական բաժինին մէջ՝ 1980-ին, որուն յաջորդած է Իրաւաբանական Դոկտորի Կոչումը 1985-ին։ Ան աշխատակցած է Deloitte Ընկերութեան՝ մինչեւ 1987 եւ վկայուած որպէս Հանրային Հաշուապահ, եւ ապա 1991-ին ստացած է իր Անշարժ Գոյքի Միջնորդութեան Արտօնագիրը (Real Estate Broker’s License)։ Ներկայիս Պր. Ֆիլլիփս գործընկերն է Phillips Law Partners, LLP-ի, ուր ան իր մասնագիտութեամբ պատասխանատու է կալուածներու ծրագրումներու եւ խնամակալութեան, անշարժ գոյքի, առեւտրական իրաւունքներու եւ ոչ շահաբեր ընկերութիւններու ոլորտին մէջ։ Ան լայնօրէն ճանչցուած է որպէս վստահելի խորհրդատու անհատներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ՝ սոյն ոլորտներուն մէջ իր առաջնորդութեան համար։

Պր. Ֆիլլիփս երկար ժամանակ ներգրաւուած է ինչպէս իր Եկեղեցիին, նոյնպէս ալ Հայ Համայնքին մէջ։ Ան երկու անգամ ծառայած է որպէս Ատենապետ՝ Լոս Անճելոսի Հայ Աւետարանական Միացեալ Եկեղեցիի Խորհուրդին եւ ստանձնած է տարբեր ղեկավարի պաշտօններ՝ ինչպէս Խնամակալութեան եւ Քրիսոտնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի Նախագահ։ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան երկարամեայ աջակից, Պր. Ֆիլլիփս եղած է Փոխ Նախագահ, Ատենադպիր, ինչպէս նաեւ Ընկերակցութեան հիմնական յանձնաժողովներու Ատենապետ՝ ինչպէս Անշարժ Գոյքի,  Հաշուեքննութեան, Սահմանադրութեան, Կանոնագրութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի յանձնաժողովներուն։ Աւետարանչական Ընկերակցութեան առաքելութեան անոր նուիրուածութիւնը, զինք բազմիցս անգամներ տարած է Հայաստան՝ որպէս Ընկերակցութեան Վարչական Խուրհուրդի պատուիրակութեան մաս, ուր ան ականատես եղած եւ աջակցած է Ընկերակցութեան ազդեցիկ աշխատանքին։

Աւետարանչական Ընկերակցութեան իր ծառայութեան կողքին, Պր. Ֆիլլիփս կը ծառայէ Հայկազեան Համալսարանի Հոգաբարձութեան որպէս անդամ, եղած է նախկին անդամ Շ եւ Է Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարանի Հոգաբարձական Խորհուրդին, եւ ղեկավարի պաշտօններ ունեցած է այլ Քրիստոնէական եւ Բարեգործական Հիմնադրամներու մէջ։ Իրաւագիտութեան, տնտեսութեան եւ համայնքային ծառայութեան ունեցած փորձառութիւնը իր հետ կը բերէ հարուստ հմտութիւն եւ նուիրուածութիւն Ընկերակցութեան Խորհուրդի Նախագահի իր նոր դերին մէջ։

Կէրի Ֆիլլիփս կը բնակի Լոս Անճելոս իր տիկնոջ՝ Արսինէ Պետրոսեան Ֆիլլիփսի հետ։ Անոնք ունին երեք չափահաս երեխաներ՝ Քրիստինա, Էշլին եւ Ռիչըրտ։ Անոր անսասան նուիրուածութիւնը հաւատքի, ընտանիքի եւ Հայ Համայնքի, պիտի ոգեշնչեն իր տեսլականն ու առաջնորդութիւնը, որպէս Նախագահ Աւետարանչական Ընկերակցութեան։

Պր. Ֆիլլիփսի կողքին Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի Դիւանի նոր անդամներն են՝ Տօքթ. Մայքըլ Ոսկեան՝ Փոխ Նախագահ, Դոկտ. Նուրհան Հելվասեան՝ Գանձապահ եւ Իրաւաբան Մարք Գասապեան եւ Ֆիլլիս Տոհանեան՝  Ատենադպիրներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment