Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Եւրոխորհրդարանը Ատրպէյճանի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Խախտումներուն Վերաբերեալ Բանաձեւ Ընդունած Է

Եւրոխորհրդարանը Ատրպէյճանի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Խախտումներուն Վերաբերեալ Բանաձեւ Ընդունած Է

by MassisPost

Եւրըխորհրդարանը բանաձեւ ընդունած է՝ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ, որուն մէջ կը յորդորէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն դադրեցնել ճնշումները լրատուամիջոցներուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն նկատմամբ, իսկ Եւրոմիութեան կոչ կ’ընէ պատժամիջոցներ սահմանելու Ատրպէյճանի պաշտօնեաներուն նկատմամբ, որ պատասխանատու են մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար։

Բանաձեւին մէջ կը յիշատակուին նաեւ հայ ռազմագերիները, կը նշուի, որ Ատրպէյճանի մէջ կայ աւելի քան 300 քաղաքական բանտարկեալ, ինչպէս նաեւ «23 հայ ռազմագերի, այդ շարքին՝ նախկին ինքնահռչակ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարները»:

Ըստ բանաձեւին՝ Եւրոխորհրդարանը խստօրէն կը դատապարտէ ատրպէյճանական վարչակարգին կողմէ մարդու իրաւունքներու, խօսքի եւ խաղաղ հաւաքներու ազատութեան շարունակական խախտումները, ինչպէս նաեւ քաղաքական դրդապատճառներով արդարադատութեան համակարգի չարաշահումները։

Եւրոպացի պատգամաւորները Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ’ընեն «անյապաղ դադրեցնելու այլախոհներու նկատմամբ բռնաճնշումները եւ անվերապահօրէն ազատելու բոլոր իրաւապաշտպանները, լրագրողները եւ քաղաքական եւ այլ աքթիվիսթները, որոնք կը հետապնդուին շինծու, քաղաքական մեղադրանքներով»։

Եւրոպական խորհրդարանը բանաձեւին մէջ նաեւ կը պնդէ, որ ԵՄ-Ատրպէյճան գործընկերութեան որեւէ համաձայնագիր, ներառեալ ուժանիւթի վերաբերեալ համաձայնագրերը, պէտք է որպէս պայման ունենան Ատրպէյճանի կողմէ հիմնարար իրաւունքներու յարգումը եւ բոլոր քաղաքական բանտարկեալներու ազատումը։ Եւրոպացի պատգամաւորները բանաձեւին մէջ Եւրոպական Յանձնաժողովին կոչ կ’ընեն կասեցնելու ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմավարական գործընկերութեան մասին 2022 թուականին կնքուած փոխըմբռնման յուշագիրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment