Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուի Մէջ Ռուբէն Վարդանեանը Կ’ուզեն Դատապարտել Ցմահ Բանտարկութեան

Պաքուի Մէջ Ռուբէն Վարդանեանը Կ’ուզեն Դատապարտել Ցմահ Բանտարկութեան

by MassisPost

Ատրպէյճանի դատախազները հայ քաղաքական բանտարկեալ Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ շուրջ 45 հնարաւոր մեղադրանքներու նոր ու հսկայածաւալ փաթեթ առաջադրած են, հաղորդած է անոր պաշտպանական խումբը:

Այդ մեղադրանքներով Վարդանեանին կը սպառնայ ցմահ բանտարկութեան հեռանկարը։

Ռուբէն Վարդանեանի դէմ ներկայացուած նոր մեղադրանքները կ’առնչուին Ատրպէյճանի Քրէական օրէնսգիրքի 20 տարբեր յօդուածներու յատկանիշերուն։ Շինծու ապացոյցները ներկայացուած են 100 հատորով, ընդհանուր ծաւալը կը կազմէ մօտ 25 հազար էջ, ամբողջը՝ ատրպէյճաներէն:

Կը նշուի, որ ենթադրեալ «ապացոյցները» ամբողջութեամբ թաքցուած են թէ՛ Ռուբէն Վարդանեանէն, թէ՛ հանրութենէն՝ այն պատճառաբանութեամբ, թէ այդ մեղադրանքները կ’առնչուին «Ատրպէյճանի ազգային անվտանգութեան»:

Միեւնոյն ժամանակ, մերժած են Վարդանեանին եւ անոր փաստաբանին տրամադրել «ապացոյցներու» պատճէնները։ Անոնց կը թոյլատրուի նիւթերուն ծանօթանալ առանց պատշաճ թարգմանութեան, սահմանափակ ժամկէտերու մէջ: Հետեւաբար, Վարդանեանն ու անոր փաստաբանը ծայրայեղ կերպով սահմանափակուած են իրենց իրաւունքներուն մէջ, որպէսզի դատավարութեան ժամանակ պատրաստ ըլլան պաշտպանութեան։

Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, որ պաշտօնավարած է 2022թ. Նոյեմբերէն մինչեւ 2023թ. Փետրուար, միջազգային իրաւունքի կանոններու կոպտագոյն խախտումով կը շարունակէ պահուիլ Պաքուի բանտին մէջ: Անոր դատավարութիւնը, որ արդէն բազմիցս յետաձգուած է, ակնյայտ է, որ հեռու պիտի ըլլայ միջազգային չափանիշերուն համապատասխանելէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment