Պաշտօնական այցով Հնդկաստան գտնուող ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Դեկտեմբեր 16-ին հանդիպած է Հնդկաստանի նախագահ Տրուփատի Մուրմուի հետ:
Կողմերը գոհունակութեամբ արձանագրած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման բարձր աշխուժութիւնը ու յաւելած, որ չնայած լայն համագործակցութեան՝ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ տակաւին առկայ է չիրագործուած ներուժ:
Տրուփատի Մուրմուն շնորհակալութիւն յայտնած է Ալէն Սիմոնեանին Հնդկաստան կատարած պաշտօնական այցի համար ու վստահութիւն յայտնած, որ այս այցով նոր էջ պիտի բացուի երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ:
Ալէն Սիմոնեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է հանդիպման համար ու ընդգծած, որ Հնդկաստանը Հայաստանի համար կարեւոր գործընկեր է:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ երկկողմ հետաքրքրութեան այլ հարցերու, այդ շարքին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերող թեմային: