Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումը ուղիղ վնաս կը հասցնէ ռուս-հայկական յարաբերութիւններուն, յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան։
«Հայաստանի՝ Միջազգային Քրէական Դատարանին միանալու հետ կապուած մեր դիրքորոշումը յայտնի է։ Հաակայի մէջ Ռուսաստանի շարք մը պաշտօնեաներ ձերբակալելու հրահանգ տալու լոյսին տակ Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումը ուղիղ վնաս կը հասցնէ ռուս-հայկական յարաբերութիւններուն»,- ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակը։
Ռուսաստանի ԱԳՆ ներկայացուցիչին խօսքով՝ այդ վնասը ոչ միայն խորհրդանշական է, այլեւ՝ գործնական։
Երեւանը Հռոմի կանոնադրութիւնը վավերացուց անցեալ տարի, իսկ այս տարուան Փետրուարէն պաշտօնապէս միացաւ Միջազգային Քրէական Դատարանին։