Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը պատասխանած է վերջին օրերուն յաճախ տրուող հարցումներուն: Զանոնք կը ներկայացնենք ստորեւ.
– ՀՀ քաղաքացիներու եւ ազգութեամբ հայ բնակչութեան տարհանման հնարաւորութիւններ կա՞ն։
– Անվտանգ տարհանման հնարաւորութիւնը այս պահին կը բացակայի։ Արտաքին Գործերու նախարարութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն, հնարաւորութեան պարագային կը դիտարկուին բոլոր տարբերակները։ Այս ընթացքին դեսպանութիւնը կը պատասխանէ ՀՀ քաղաքացիներու բոլոր զանգերուն, հետաքրքրող, այդ շարքին՝ փաստաթղթային ապահովման, նոր անձնագրերու տրամադրման վերաբերեալ հարցումներուն: Մշտական կապ կը պահպանուի Սուրիոյ պատկան մարմիններուն եւ համայնքային կառոյցներուն հետ։
– Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը կը շարունակէ՞ գործունէութիւնը։
– Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը իր աշխատանքը կը շարունակէ Դամասկոսէն։ Ինչպէս տեղեկացուած է նախորդ շաբաթ, ատիկա պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ գլխաւոր հիւպատոսը, Սուրիոյ Արտաքին Գործերու նախարարութենէն Նոյեմբեր 26-ին լիազօրագրերը ստանալու նպատակով մեկնելով Դամասկոս, յաջորդիւ չէ կրցած վերադառնալ Հալէպ։ Գլխաւոր հիւպատոսը եւ Դամասկոսի մէջ դեսպանութեան հիւպատոսական բաժինը կը շարունակեն աշխատանքները արտակարգ դրութեամբ։ ՀՀ քաղաքացիները կրնան կապ հաստատել Դամասկոսի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ` զանգահարելով թէժ գիծի նշուած հեռախօսահամարուն՝ +963960003622 (բջջային):
– Տուժածներուն մէջ ՀՀ քաղաքացիներ կա՞ն:
– Նոյեմբեր 30-ին Հալէպէն դուրս գալու փորձի ժամանակ զոհուած Երուանդ Արսլանեանի՝ ՀՀ քաղաքացիութիւնը հաստատող տուեալներ այս պահուն չկան։