«Յունաստան կը պատրաստուի Երեւանին փոխանցելու ՀՕՊ «C-300» համակարգեր՝ փոխարինելով զանոնք իսրայէլեան արտադրութեան սպառազինութեամբ»,- կը հաղորդէ յունական Еnikos.gr կայքը։
Յունական լրատուամիջոցին պնդմամբ, Աթէնք կը պատրաստուի Երեւանին փոխանցելու իր զինանոցին մէջ գտնուող ռուսական արտադրութեան եւս երկու ՀՕՊ համակարգրեր։
«Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան Գլխաւոր շտաբը զգալի յառաջընթաց արձանագրած է Հայաստանին ռուսական արտադրութեան սպառազինութեան տրամադրման հարցով»,- կը գրէ յունական թերթը՝ պնդելով, որ նախապէս Աթէնք մտադիր էր ՀՕՊ համակարգերը տրամադրել Ուքրանիոյ, սակայն «հետագային սկսաւ քննարկուիլ ոչ-պակաս շահաւէտ այլընտրանքը»։
Еnikos.gr կայքին տուեալներով՝ Յունաստանի Զինուած ուժերու զինանոցին մէջ գտնուող ռուսական սպառազինութիւնը Հայասատանին տրամադրելու նախաձեռնութեան հեղինակը Ֆրանսան է։
Պաշտօնական Երեւանը կը հրաժարի մեկնաբանելէ յունական մամուլին հրապարակումները։