Հնդկաստանը սկսած է «Փինաքա» հրթիռային համակարգերու մատակարարումը Հայաստան, կը տեղեկացնէ հնդկական «Indian Defence Research Wing» պարբերականը՝ ընդգծելով, որ այն համընկած է հնդկական AKASH հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու մատակարարման հետ։
Շեշտելով, որ «Փինաքաներու» առաջին խմբաքանակը արդէն Հայաստան հասած է, հնդկական պարբերականը կը նշէ, որ այդ հրթիռները կրնան խոցել մինչեւ 80 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախները։
Փինաքա՝ Շիւա աստուծոյ աղեղը
Գովաբանելով հնդկական այս զինատեսակը՝ պարբերականը կը շեշտէ՝ «Փինաքան», հնդկական դիցաբանութեան համաձայն, Շիւա աստուծոյ աղեղի անուանումն է։ Ըստ առասպելին՝ այդ կործանիչ աղեղով ալ Շիւան յաջողած է ոչնչացնել չար դեւի քաղաքները։
«Փինաքաներու» մատակարարման պայմանագիրը Հայաստանն ու Հնդկաստանը կնքած էին երկու տարի առաջ։ 2022-ին հնդկական կողմը պաշտօնապէս հաստատած էր, որ Հայաստանը «փինաքա» համակարգերու երեք ձեւանմուշ պատուիրած է, որոնք Տելհիէն Երեւան պէտք է տեղափոխուէին յառաջիկայ երկու տարուան մէջ:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, սակայն, չի մեկնաբաներ սպառազինութեան գնման մասին հնդկական կողմին տեղեկութիւնները՝ խնդրելով հիմք ընդունիլ նախարարութեան՝ միջազգային համագործակցութեան վերաբերեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւնները եւ իրաւասու պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները։
Այս առնչութեամբ ՊՆ-ն հաղորդագրութիւն տարածած էր՝ պնդելով, թէ օտարերկրեայ լրատուամիջոցները կը շարունակեն Հայաստանի սպառազինութեան ձեռքբերման, ինչպէս նաեւ անոր շուրջ բանակցութիւններու մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ իրականութեան չհամապատասխանող հրապարակումներ տարածել: Այդ պատճառով ռազմական գերատեսչութիւնը հայստանեան լրատուամիջոցներուն կը յորդորէ նախքան նման նիւթերը հրապարակելը ճշգրտումներ կատարել պաշտպանական գերատեսչութեան հետ:
«Փինաքան» որոշ առումով կը յիշեցնէ ռուսական «Ուռականը». ռազմական փորձագէտ
Ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան տարածաշրջանային կեդրոնի ռազմական փորձագէտ Էտուարտ Առաքելեանի համոզմամբ՝ հնդկական «փինաքան» լաւ ձեռքբերում է, եւ այն պիտի լրացնէ ռուսական «Կռատ» համազարկային համակարգը. «Այն միջանկեալ մի բան է «Կռատի» եւ «Սմերչի» միջեւ, 214 տրամաչափով, շատ լաւ հեռահարութեամբ, 100 քիլոկրամանոց շատ լաւ մարտագլխիկով։ Ես կարծում եմ, որ սա լաւ ձեռքբերում է։ Հայաստանը նման զինատեսակ երբեք չի ունեցել։ «Փինաքան» ինչ-որ առումով յիշեցնում է ռուսական «Ուռականը»՝ 220 միլիմեթր տրամաչափով»։
Երեւան կը բանակցի 78 միաւոր ATAGS հրետանային համակարգերու գնման շուրջ. հնդկական աղբիւր
Չնայած հայկական կողմի լռութեան, հնդկական աղբիւրները կը շարունակեն նորանոր տեղեկութիւններ տարածել ռազմական ոլորոտին մէջ հայ-հնդկական համագործակցութեան վերաբերեալ։
Օրերս «Indian Defence Research Wing» պարբերականը տեղեկացուց, որ Հայաստան կը բանակցի Հնդկաստանի հետ 78 միաւոր ATAGS հրետանային համակարգերու գնման շուրջ։ Ըստ պարբերականին՝ այս բանակցութիւններուն նախորդած էր Հայաստանի կողմէ աւելի վաղ ձեռք բերուած 6 միաւոր ATAGS հաուպիցներու յաջող փորձարկումը, անոնք բացառիկ կարողութիւններ ցոյց տուած են հայաստանեան բազմազան տեղամասի պայմաններուն մէջ, այդ շարքին՝ բարձրադիր լեռնային եւ հարթավայրային տեղանքին մէջ, ինչն ալ որ Հայաստանի իշխանութիւններուն համոզած է ուսումնասիրել այս զինատեսակի աւելի մեծ քանակի ձեռքբերման հնարաւորութիւնը։ Ըստ պարբերականին՝ ATAGS համակարգերը բացի այն, որ ունին հեռահար ճշգրտութիւն, նաեւ արդէն ունին հայերէնով աշխատող համակարգչային միջերես։
Հայաստանը ընդհանրապէս ATAGS զինատեսակի առաջին պատուիրատուն է. փորձագէտ
էտուարտ Առաքելեան, անդրադառնալով ATAGS հաուպիցներուն, կը նշէ՝ Հայաստանը 150 տրամաչափի թնդանօթներ երբեք չէ ունեցած, այն ալ համակարգչային միջերեսով։
«Այդ համակարգերը ինքնուրոյն տեղաշարժւում են, կարող են փոխել տեղանքը առանց քարշակի օգնութեան, շատ դրական կողմեր ունեն։ Բայց թէ որքանով են այդ թնդանօթները որակեալ, բարդ է ասել, քանի որ մենք դրանք գործածութեան մէջ չենք տեսել։ ATAGS-ները միանգամայն նոր թնդանօթներ են, եւ Հայաստանն ընդհանրապէս այդ զինատեսակի առաջին պատուիրատուն է։ Անգամ Հնդկաստանը դեռ չի պատուիրել իր բանակի համար»,- ըսաւ ան։
Մինչ հնդկական մամուլը կը պնդէ, թէ հնդկական հաուպիցները յաջողութեամբ փորձարկուած են Հայաստանի մէջ, թելեկրամեան ալիքներէն մէկը, որ, ըստ ռազմական փորձագէտին, ենթադրաբար ունի ռուսական հետք, կը գրէ, թէ փորձարկման ժամանակ ATAGS վեց համակարգերէն երկուքը մէկ անգամէն շարքէն դուրս եկած են, իսկ չորսը մեծ դժուարութեամբ յաջողած են տեղափոխել բարձր լեռնային շրջաններ։
էտուարտ Առաքելեան կը հարցնէ՝ ինչպէ՞ս կարելի է վստահիլ թելեկրամեան ալիքի, որ իր ինքնութիւնը չի բացայայտեր. «Երբ Հայաստանն այսօր այլ երկրների զէնք է գնում եւ դրա վրայ մեծ գումարներ ծախսում, Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ այդօրինակ գումարներ չեն ծախսուել սպառազինութեան վրայ, բնականաբար Ռուսաստանին դա դուր չի գալիս»։
Արդեօք բազմամիլիոննոց հնդկական այս զինատեսակները մրցունա՞կ են այն զինատեսակներուն նկատմամբ, որոնք այսօր ձեռք կը բերէ Պաքուն տարբեր երկիրներէ, այդ շարքին՝ Իսրայէլէն, ռազմական փորձագէտը կը կարծէ՝ այո՛, նաեւ կ’ընդգծէ, որ հնդկական սպառազինութիւնը Հայաստանը նախընտրած է երկու պատճառով՝ նախ այն ֆինասնական առումով ձեռնտու է, եւ յետոյ սպառազինութիւնը կարելի է ձեռք բերել արագ։
Աղբիւր՝ «Ազատութիւն»