Հակափտածութեան դատարանին մէջ կը շարունակուի «Մարտի 1»-ի գործով նիստը:
Այս գործով անցնող Ռոպբերթ Քոչարեանը եւ անոր նախկին ենթակաները՝ Սէյրան Օհանեանը, Եուրի Խաչատուրովը, դատարան չեն ներկայացած:
Նիստերու քարտուղարին փոխանցմամբ՝ մեղադրեալներ Օհանեանն ու Խաչատուրովը պատշաճ ծանուցուած են, իսկ Քոչարեանի ծանուցումը վերադարձուած է՝ «չպահանջուած» նշումով:
Քոչարեանի, Օհանեանի, Խաչատուրովի փաստաբանները յայտնած են, թէ իրենց նախկին պաշտպանեալները մեղադրեալի կարգավիճակ չունին, հետեւաբար պարտաւոր չեն ներկայանալու դատարան, եւ հարկադրաբար ներկայացնելը իրաւաչափ չէ:
Դատարանը որոշեց Սէյրան Օհանեանը, Եուրի Խաչատուրովը եւ Ռոպերթ Քոչարեանը բերման ենթարկել՝ միւս նիստին անոնց մասնակցութիւնը ապահովելու նպատակով:
Յիշեցնենք, որ ՍԴ որոշման հիման վրայ Վճռաբեկ դատարանը բեկանած է Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւսներուն գործով քրէական հետապնդումը դադրեցնելու, գործի վարոյթը կարճելու մասին Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշումը եւ գործը ուղարկած է Հակափտածութեան դատարան՝ նոր քննութեան։
Վճռաբեկ դատարանը Սեպտեմբեր 12-ին որոշմամբ բեկանած է Ռոպերթ Քոչարեանի, Եուրի Խաչատուրովի եւ միւսներուն գործը կարճելու որոշումը ու գործը ուղարկած է Հակափտածութեան քրէական դատարան՝ նոր քննութեան։
2008 թուականի Մարտ 1-էն 2 ինկած ժամանակահատուածին Երեւան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան մէջ քննուող քրէական գործով վարոյթը իրականացնող մարմինը համարած է, որ գործով ձեռք բերուած ապացոյցները բաւարար են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնաթող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, ՀՀ Զինուած ուժերի Գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնը զբաղեցուցած Սէյրան Օհանեանի, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալի պաշտօնը զբաղեցուցած Եուրի Խաչատուրովի եւ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը զբաղեցուցած Արմէն Գէորգեանի վերաբերեալ մեղադրական եզրակացութիւն կազմելու եւ գործը դատարան ուղարկելու համար:
Սոյն գործի շրջանակին մէջ Ռոպերթ Քոչարեան կը մեղադրուէր ՀՀ նախկին Քրէական օրէնսգիրքի 300.1-րդ յօդուածի 1-ին մասով եւ 311-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ մասով` ՀՀ սահմանադրական կարգը տապալելու եւ առանձնապէս մեծ չափերով կաշառք ստանալու համար:
Սէյրան Օհանեան կը մեղադրուէր ՀՀ նախկին Քրէական օրէնսգէրքի 300.1-րդ յօդուածի 1-ին մասով` ՀՀ սահմանադրական կարգը տապալելու համար:
Եուրի Խաչատուրով կը մեղադրուէր ՀՀ նախկին Քրէական օրէնսգիրքի 300.1-րդ յօդուածի 1-ին մասով` ՀՀ սահմանադրական կարգը տապալելու համար:
Արմէն Գէորգեան կը մեղադրուէր ՀՀ նախկին Քրէական օրէնսգիրքի 38-300.1-րդ յօդուածի 1-ին մասով, 311-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ կէտով եւ 190-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով՝ ՀՀ սահմանադրական կարգը տապալելուն օժանդակելու, առանձնապէս մեծ չափերով կաշառք ստանալու եւ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած գոյքը օրինականացնելու համար: