Լահէյի դատարանը մերժեց Պաքուի ներկայացուցած նախնական երկու առարկութիւնները Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճանի գործի շրջանակին մէջ:
Նշենք, որ Դատարանը այսօր դռնբաց նիստով հրապարակած է իր վճիռը Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճանի գործով Ատրպէյճանի ներկայացուցած նախնական առարկութիւններուն վերաբերեալ, որ կը վերաբերի ցեղապաշտական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային պայմանագրութեան կիրառութեան Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճանի գործով:
Դատարանի նախագահ, դատաւոր Նաուաֆ Սալամ նշեց, որ իր դիմումին մէջ Հայաստան կը պնդէ, որ Ատրպէյճան խախտած է ՌԽՎԿ-ի քանի մը դրոյթներ՝ տասնամեակներ շարունակ իրականացնելով ցեղապաշտական խտրականութեան պետական քաղաքականութիւն: Հայաստան մասնաւորապէս կը պնդէ, որ պետութեան կողմէ հայատեացութեան քաղաքականութեան հետեւանքով հայերը համակարգուած խտրականութեան ենթարկուած են, զանգուածային սպանութիւններու, խոշտանգման բռնութեան եւ չարաշահումներու:
«Դատարանը ի գիտութիւն կ’ընդունի, որ Հայաստան դիմած է, որպէսզի Դատարանը 36-րդ յօդուածի առաջին մասով հաստատէ իրաւազօրութիւնը ՌԽՎԿ-ի 22-րդ յօդուածով նախատեսուած պարտաւորութիւններուն համապատասխան: Ատրպէյճան երկու նախնական առարկութիւն ներկայացուցած է.
- Պնդած է, որ Դատարանը իրաւազօրութիւն չունի ՌԽՎԿ-ի 22-րդ յօդուածով նախատեսուած բանակցութիւններու նախապայմանը չկատարելու պատճառով.
- Ատրպէյճան կը պնդէ, որ Հայաստանի որոշ պահանջներ դատարանի իրաւազօրութեան ներքոյ չեն առարկայական իրաւազօրութեան շրջանակին մէջ ՌԽՎԿ-ի 22-րդ յօդուածին համաձայն: