Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստան Պէտք Է Հրաժարի Սպառազինութեան Քաղաքականութենէն. Պէտք Է Անոր Վերջ Տալ». Ալիեւ

«Հայաստան Պէտք Է Հրաժարի Սպառազինութեան Քաղաքականութենէն. Պէտք Է Անոր Վերջ Տալ». Ալիեւ

by MassisPost

«Հայաստան պէտք է հրաժարի սպառազինութեան քաղաքականութենէն, անոր պէտք է վերջ տալ: Այս մասին ես բազմիցս խօսած եմ։ Եւ անոնք գիտեն, որ պէտք է անսան իմ խօսքերուն։ Անոնք պէտք է հրաժարին անկէ, քանի դեռ ուշ չէ: Անոնք երբեք չեն կրնար մրցիլ մեզի հետ»։

Ինչպէս կը յայտնէ «Report»-ը, այս մասին  Յաղթանակի  օրուան  առիթով  ժողովուրդին  ուղղուած ուղերձին մէջ ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։

«Մենք չենք ուզեր պատերազմ, մենք հասած ենք մեր ուզածին, ապահոված ենք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ պետական ինքնիշխանութիւնը: Տարածքային ամբողջականութիւն  ամբողջ սահմանի երկայնքով, ներքին տեղահանուածներն ու փախստականները կը վերադառնան իրենց նախնիներուն հողերը: Այժմ մենք զբաղած ենք ստեղծագործական աշխատանքով: Մեզի համար սա գլխաւոր խնդիրն է»,- յաւելած է Ատրպէյճանի նախագահը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment