ԱՄՆ բարձր կը գնահատէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման կանոնակարգի վաւերականացումը:
Այս մասին X-ի իր էջով գրած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր:
«Սա ցոյց կու տայ, որ յառաջընթացը հնարաւոր է մշտական երկխօսութեան միջոցով։ Մենք կ’աջակցինք երկու կողմերու աշխատանքին դէպի կայուն, արժանապատիւ խաղաղութիւն՝ յանուն տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ բարգաւաճման»,- գրած է ան։
Յիշեցնենք՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Հոկտեմբեր 25-ին վաւերացուցած են երկու երկիրներու սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան կանոնակարգը։