Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան նախագահական համալիրին մէջ կառավարութեան նիստէն յետոյ յայտարարութիւններ ըրած է։
Ան ընդգծած է, որ Թուրքիա կը գործէ՝ ելլելով սեփական ազգային շահերէն եւ կը զարգացնէ համագործակցութիւնը այն ոլորտներուն մէջ, որոնք կը համապատասխանեն երկրի շահերուն։
Ելոյթի ընթացքին երկրին ղեկավարը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին։
Ինչպէս յայտնի է, Հոկտեմբեր 18-ին Թուրքիան ընդունած է Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործերու նախարարներուն՝ տարածաշրջանային «3+3» հարթակի հանդիպման շրջանակներուն մէջ։
«Մենք կը տեսնենք, որ այս հարթակը կը բաւարարէ կարեւոր կարիքները: Մենք կը ձգտինք անոր հաստատութենական բնոյթ տալու»,- ըսած է Էրտողան։
Անոր խօսքով՝ այժմ «եզակի հնարաւորութիւն» բացուած է Հարաւային Կովկասին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար։
«Մենք ուշադիր կը հետեւինք այդ ուղղութեամբ եղբայրական Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի անկեղծ ջանքերուն։ Սա աննախադէպ ժամանակ է կայուն խաղաղութեան հասնելու համար: Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ ատրպէյճանցի եղբայրներուն հետ համակարգուած»,- ընդգծած է Թուրքիոյ ղեկավարը։