Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն կը յայտնէ, որ ՊԵԿ պաշտօնական կայքով հրապարակուած է 2024թ. Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին առաջին 1000 մեղ հարկ վճարողներու վճարած հարկերու եւ վճարներու վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը:
1000 մեծ հարկ վճարողները 2024թ. Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին պետական պիւտճէ ընդհանուր առմամբ վճարած են աւելի քան 1 թրիլիոն 323 միլիառ 205 միլիոն դրամ: Հարկային մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը կազմած է աւելի քան 1 թրիլիոն 95 միլիառ 131 միլիոն դրամ, իսկ մաքսային մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը՝ աւելի քան 228 միլիառ 74 միլիոն դրամ։
Առաջին տեղը դարձեալ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանն է, երկրորդը՝ Մոպայլ սենթր արթ ընկերութիւնը, երրորդը՝ Կրանտ թոպաքօ ընկերութիւնը, չորրորդը՝ Կազփրոմ Արմենիան: